
«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թրքական զինուորական աղբիւրներ յայտնած են, որ այն լուրերը, թէ թրքական բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ սահմանին վրայ տեղակայուած իր ուժերուն հրամանատարները կանչած է Անգարա` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ զինուորական հաւանական միջամտութիւն մը «իրականութիւնը չեն արտացոլեր»:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պոլու եւ Կեսարիա նահանգներուն մէջ տեղակայուած թրքական մասնայատուկ ուժերու հրամանատարները եւս ներկայ պիտի գտնուին թրքական սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք ժողովին, ուր զինուորական միջամտութեան մը մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին այդպիսի գործողութեան գործադրութեան պատասխանատուութիւնը կրող հրամանատարներուն հետ:
Սակայն զինուորական աղբիւրներ, որոնք խնդրած են իրենց անունները չնշել, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մէջ այդպիսի ժողով մը ո՛չ տեղի ունեցած է, ո՛չ ալ ծրագրուած է:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Սուրիոյ հետ սահման այցելած էին թրքական բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքար եւ 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի: Շաբաթավերջին նշեալ շրջան այցելած էր նաեւ մասնայատուկ ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Զեքայի Աքսաքալլըն:
«Ռուսիա այսօր» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ռաքքա նահանգին մէջ Թուրքիոյ հետ Թել Ապիատ սահմանային անցքին մօտ տեղի ունեցած են բախումներ թրքական բանակին եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ:


