Միջազգային

Օպամա Ստորագրեց Ուքրանիոյ Զէնքի  Մատակարարումը Արտօնող Օրինագիծը

Օպամա Ստորագրեց Ուքրանիոյ Զէնքի Մատակարարումը Արտօնող Օրինագիծը

Պարաք Օպամա ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրած է 2016-ի ելեւմտական տարուան պաշտպանական պիւտճէի բարեփոխուած տարբերակը, որ 300 միլիոն տոլարի զինուորական օգնութեան յատկացում կը նախատեսէ Ուքրանիոյ: Օրինագիծի համապատասխան կէտը, որ ստացած է «Նախաձեռնութիւն աջակցութեան` Ուքրանիոյ անվտանգութեան» անուանումը, Փենթակոնի ղեկավարը կ՛օժտէ Քիեւին «անվտանգութեան եւ հետախուզութեան մարզին մէջ...

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի  Չի Պատրաստուիր»  Ըսաւ Լաւրով

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի Չի Պատրաստուիր» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծելու չենք պատրաստուիր, թուրք ժողովուրդին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը չէ փոխուած: Միայն հարց ունինք թրքական ղեկավարութեան հետ»: Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը Թուրքիա այցելելու կամ վերջինիս ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ ընդունելու ծրագիրներ չունի: Լաւրով յայտնեց, որ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ...

Թուրքիա Վար Առաւ Սուրիոյ Վերեւ  Թռիչք Կատարող Ռուսական «Սու-24»-ը.  Փութին. «Այսօրուան Դէպքը Ծանր Հետեւանքներ  Պիտի Ունենայ Ռուս-Թրքական  Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Թուրքիա Վար Առաւ Սուրիոյ Վերեւ Թռիչք Կատարող Ռուսական «Սու-24»-ը. Փութին. «Այսօրուան Դէպքը Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Ռուսական «Սու-24» տիպի պատերազմական օդանաւ մը երէկ 6 հազար մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելուն պատճառով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաւաստեց, որ նշեալ օդանաւը չէ հատած Թուրքիոյ օդային սահմանը, փաստ մը, որ ամրագրուած է թռիչքի հսկողութեան մեքանիզմներով: Սակայն Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «24 նոյեմբեր 2015-ի ժամը շուրջ 9:20-ին անյայտ պատկանելիութեան...

Համացանցին Վրայ Հրապարակուած Է  ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վրաստանին  Ուղղուած Սպառնալիք Մը

Համացանցին Վրայ Հրապարակուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վրաստանին Ուղղուած Սպառնալիք Մը

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութենէն «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, որ համացանցի վրայ ՏԱՀԵՇ-ի անունով յայտնուած տեսանիւթի մը առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է: Տեսանիւթին մէջ չորս երիտասարդներ կը սպառնան անոնց, որոնք «Վրաստանի մէջ կը պայքարին իսլամութեան դէմ»: Ձայնագրութեան մէջ զինուած երիտասարդները կը դիմեն իսլամներուն, իսկ տակը անոնց խօսքերը կ՛անցնին ռուսերէն ենթաբնագիրներով: Անոնք վրացերէնով կը դիմեն Վրաստանի մէջ բնակող իսլամներուն եւ կոչ կ՛ուղղեն միանալու ՏԱՀԵՇ...

Թուրքիոյ Մէջ Յայտարարուած Է  Նոր Կառավարութեան Կազմը

Թուրքիոյ Մէջ Յայտարարուած Է Նոր Կառավարութեան Կազմը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ներկայացուցած է երկրին նոր կառավարութեան կազմը, որ ձեւաւորուած է 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին հիմամբ: Էրտողան հաստատած է նոր կառավարութեան կազմը: Նոր կառավարութեան մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան ընտրուած, Էրտողանի փեսայ Պերաթ Ալպայրաք նշանակուած է տնտեսութեան նախարար: Էրտողանի մէկ այլ մտերիմը` Պինալի...

Ռուսական «Սու-24» Մը Ջախջախուեցաւ Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Մօտ

Ռուսական «Սու-24» Մը Ջախջախուեցաւ Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Մօտ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց‚ որ ռուսական «Սու-24» տիպի օդանաւ մը 6 հազար մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելուն պատճառով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ։ Նախապէս թրքական զինուորական աղբիւր մը յայտնած էր‚ որ թրքական «Էֆ-16»-ի մը կողմէ վար առնուած է օդանաւ մը՝ Թուրքիոյ օդային տարածքը խզելուն համար, իսկ սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած էին‚ որ սուրիական...

Թեհրանի Մէջ Փութին-Խամենէի  Հանդիպում

Թեհրանի Մէջ Փութին-Խամենէի Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Թեհրան` մասնակցելու համար բնական կազ արտածող երկիրներու վեհաժողովին: Ան իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ: Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին եւ Խամենէի կը մերժեն Սուրիոյ հարցով արտաքին թելադրանքները եւ կ՛ընդգծեն, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ կը ճշդէ ինքն իր ճակատագիրը: Հանդիպումին ընթացքին Խամենէի Փութինին ըսած է. «Սուրիոյ մէջ...

Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են  Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ

Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ անցեալ կիրակի գիշեր Պելճիքայի մէջ ձերբակալուած են ահաբեկչութեան մէջ կասկածուող յաւելեալ հինգ անձեր: Պելճիքական դատախազութեան ներկայացուցիչը նշած է. «Պրիւքսէլի եւ Լիեժի մէջ այս գիշեր տեղի ունեցած գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են յաւելեալ հինգ կասկածելիներ, այդպիսով անոնց ընդհանուր թիւը հասած է 21-ի»: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պրիւքսէլի, Լիեժի եւ Շարլըրուայի մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւններուն ընթացքին կարելի չէ...

Թուրքիա Կոչ Ուղղած Է Գումարելու ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ Մը` Քննարկելու Համար  Սուրիոյ Մէջ Թուրքմէնական Գիւղի Մը Ռմբակոծման Հարցը

Թուրքիա Կոչ Ուղղած Է Գումարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Թուրքմէնական Գիւղի Մը Ռմբակոծման Հարցը

Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է գումարելու նիստ մը` քննարկելու համար Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ թուրքմէնական գիւղի մը ռմբակոծման հարցը: Աղբիւրը նշած է, որ Սուրիոյ լեռնային շրջաններէն վերջին երեք օրուան ընթացքին շուրջ 1700 մարդ ստիպողաբար ապաստանած է Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները: Ան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան թուրքմէնական գիւղի...

Մալիի Մէջ Զինեալներ Պանդոկ Մը  Ներխուժելով 170 Պատանդ Վերցուցին

Մալիի Մէջ Զինեալներ Պանդոկ Մը Ներխուժելով 170 Պատանդ Վերցուցին

Մալիական մասնայատուկ ուժեր երէկ ներխուժեցին Մալիի մայրաքաղաք Պամաքոյի մէջ գտնուող «Ռատիսըն Պլու» պանդոկ` ազատագրելու համար շուրջ 10 զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած 170 անձեր, որոնց շարքին էին Թրքական օդանաւային ընկերութեան անձնակազմի 7 անդամներ, «Էր Ֆրանս»-ի անձնակազմի 12 անդամներ, ամերիկացիներ, 20 հնդիկ եւ 10 չին: Զինեալները ամերիկեան պանդոկ ներխուժած էին «ալլահուաքպար» բացագանչելով: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները պատանդներու ազատ արձակման օժանդակելու...

Միացեալ Նահանգներ  Ազատ Արձակեց Փոլլարտը

Միացեալ Նահանգներ Ազատ Արձակեց Փոլլարտը

Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին վերլուծաբան Ճոնաթան Փոլլարտ, որ Իսրայէլի գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած ըլլալուն համար 1987-ին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, երէկ ազատ արձակուեցաւ` այդպիսով վերջ տալով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ամէնէն երկարատեւ ու վիճելի հարցերէն մէկուն: Անոր ազատ արձակման համար իսրայելեան իրերայաջորդ դիմումները շարունակ մերժուած էին ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ: Ազատ արձակման պայմաններու համաձայն, 61-ամեայ Փոլլարտի կ՛արգիլուի յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին...

«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ  Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման  Հաւանականութեան»  Կ՛ըսէ Եըլմազ

«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ նախկին հիւպատոս, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Օզթուրք Եըլմազ թրքական «Այ.Էմ.Սի. Թի.Վի.»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է համակերպի Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան ստեղծման հաւանականութեան հետ եւ ատոր համապատասխան քաղաքականութիւն վարէ տարածաշրջանին մէջ: Մեկնաբանելով Անթալիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք սպասումները`...

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու  Տունը Կասեցուց Գաղթականներու Ընդունումը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Կասեցուց Գաղթականներու Ընդունումը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է հանրապետականներու առաջարկած օրինագիծը, որուն համաձայն, պէտք է կասեցուի Սուրիայէն եւ Իրաքէն գաղթականներ ընդունելու ծրագիրին գործադրութիւնը: Փաստաթուղթը նաեւ կը ծառայէ ապագային խստացնելու ստուգումները բոլոր այն ներգաղթեալներու, որոնց կը ծրագրուի ընդունիլ երկիր: Այդ որոշումին թեր քուէարկած են 289 քոնկրեսականներ, իսկ դէմ` 137 ուրիշներ: 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք...

Ըստ Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութեանց. Ազրպէյճան ՏԱՀԵՇ-ը Ֆինանսաւորող ԱՊՀ Երկիրներու Շարքին Երկրորդն Է

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները արձանագրած են ՏԱՀԵՇ-ին կատարուած մեծ չափի հասնող փոխանցումները Ազրպէյճանէն: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորումը կը կատարուի 40 երկիրներէ: Ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնները պարզաբանած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի համակիրները դրամները կը հաւաքեն հիմնականին մէջ համացանցի միջոցով, օրինակ` ընկերային ցանցերու...

«Ռաքքայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Վերացման  Կը Խոչընդոտէ Թուրքիան»  Կ՛ըսէ Պայըք

«Ռաքքայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Վերացման Կը Խոչընդոտէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Պայըք

Ճեմիլ Պայըք «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական համայնքներու միութեան ղեկավարական խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք, որ միաժամանակ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ թեւի ղեկավարներէն մէկն է, «Ազատիյէ Վելաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան չխոչընդոտէ, Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք նկատուող Ռաքքան կարճ ժամանակի մէջ կ՛ազատագրուի: Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թէ՛ քաղաքական, թէ՛...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Փարիզի հիւսիսային արուարձաններէն Սեն-Տընիի մէջ յայտնաբերուած է երրորդ դիակ մը, որ կը պատկանի կնկայ մը: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը երէկ Փարիզի տարբեր շրջաններու մէջ 180 խուզարկութիւններ կատարեց: Այդպիսով, վերջին 5 օրուան ընթացքին ոստիկանութեան կատարած խուզարկութեան գործողութիւններուն թիւը հասաւ 793-ի: - ՖՐԱՆՍԱ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կ՛առաջարկէ Ամրապնդել  Յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան  Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջեւ

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կ՛առաջարկէ Ամրապնդել Յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջեւ

Ժան Քլոտ Եունքեր «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած իր նամակին մէջ առաջարկած է ամրապնդել Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ առեւտրական կապերը: Եունքեր այս առաջարկը ներկայացուցած է Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք: Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի բարելաւումը Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի...

«Յունաստանը Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Հարցին Մէջ  Պիտի Աջակցի Թուրքիոյ»  Յայտարարած Է Ցիփրաս

«Յունաստանը Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Թուրքիոյ» Յայտարարած Է Ցիփրաս

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Յունաստանը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ պիտի աջակցի Թուրքիոյ: Ցիփրաս չորեքշաբթի օր այցելած է Թուրքիա` երկրին ղեկավարութեան հետ երկկողմ յարաբերութիւններն ու գաղթականներու խնդիրը քննարկելու համար: «Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կրնայ փոխել Եւրոպայի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը», ընդգծած է Ցիփրաս:

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Երեք Ամիսով  Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը.  Փարիզի Ահաբեկչական Գործողութեան  Ղեկավարը Սպաննուած Է

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Երեք Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը. Փարիզի Ահաբեկչական Գործողութեան Ղեկավարը Սպաննուած Է

Ապտելհամիտ Ապաուտ Ֆրանսայի խորհրդարանը երէկ երեք ամիսով երկարաձգեց երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը: Երկարաձգումը կը սկսի 26 նոյեմբերէն սկսեալ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ արտակարգ դրութեան ծիրին մէջ ներառուած է լուծարումը ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ միութիւններու, «որոնք կը մասնակցին աշխատանքներու, որոնք ընդհանուր ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնեն, այդ վտանգը կը դիւրացնեն եւ ապահովութիւնը վտանգելու կը հրահրեն»: Խորհրդարանը նաեւ կառավարութեան արտօնեց արտակարգ դրութեան...

Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան  Տարակարծութիւն

Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Տարակարծութիւն

Լաւրով եւ Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց. «Պիտի չկարենանք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալ, մինչեւ որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցով քաղաքական լուծումի մը հասնինք» Ան Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը գտնուինք հանգրուանի մը մէջ, ուր Ռուսիան ու Իրանը պէտք է ընտրանք մը կատարեն Ասատի աջակցութեան եւ Սուրիոյ պետութեան պահպանման միջեւ»` աւելցնելով. «Կարելի...

Page 820 of 882 1 … 819 820 821 … 882

Արխիւներ