
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած իր նամակին մէջ առաջարկած է ամրապնդել Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ առեւտրական կապերը:
Եունքեր այս առաջարկը ներկայացուցած է Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք: Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի բարելաւումը Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու, որոնք վերջին տարիներուն պէտք եղածին չափ չեն զարգացած:
Եունքերի խօսքով` ինք յանձնարարած է իր ենթականերուն վերլուծել Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու հաւանականութիւնը` պայմանաւորուած Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի մասին համաձայնագիրի իրագործումով:
Կը նշուի, որ Եունքերի նամակը արդէն բացասական արձագանգ ստացած է քանի մը գործընկերներու կողմէ: