
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Յունաստանը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ պիտի աջակցի Թուրքիոյ:
Ցիփրաս չորեքշաբթի օր այցելած է Թուրքիա` երկրին ղեկավարութեան հետ երկկողմ յարաբերութիւններն ու գաղթականներու խնդիրը քննարկելու համար:
«Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կրնայ փոխել Եւրոպայի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը», ընդգծած է Ցիփրաս:


