Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռաքքայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Վերացման Կը Խոչընդոտէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Պայըք

November 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեմիլ Պայըք
Ճեմիլ Պայըք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական համայնքներու միութեան ղեկավարական խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք, որ միաժամանակ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ թեւի ղեկավարներէն մէկն է, «Ազատիյէ Վելաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան չխոչընդոտէ, Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք նկատուող Ռաքքան կարճ ժամանակի մէջ կ՛ազատագրուի:

Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ՏԱՀԵՇ-ին: Ըստ անոր, Ռաքքայէն ՏԱՀԵՇ-ը դուրս քշելը անկարելի է, որովհետեւ այդ քայլին կը խոչընդոտէ Թուրքիան, որ չ՛ուզեր, որ ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պարտուի:

«Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները, ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերը ունակ են կարճ ժամանակի մէջ յաղթելու ՏԱՀԵՇ-ին եւ դուրս քշելու զայն Ռաքքայէն, եթէ Թուրքիան դադրեցնէ ահաբեկիչներուն տրամադրուող աջակցութիւնը: Աշխարհը պէտք է իմանայ, որ թրքական խոչընդոտին վերացումը ՏԱՀԵՇ-ին վերջը կը նշանակէ: Այդ պատճառով, եթէ միջազգային ուժերը կ՛ուզեն ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել, նախ եւ առաջ պէտք է վերցնեն այդ հարցին մէջ Թուրքիոյ խոչընդոտ հանդիսանալը», ըսած է Պայըք:

Ըստ անոր, ըսուածին ապացոյցներէն մէկն ալ Պոլսոյ մէջ Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին Փարիզի մէջ ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակի վայրկեանին ժամանակ մարզադաշտին մէջ համակիրներու սուլոցներն ու իսլամականները քաջալերող պաստառներն են, ինչ որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մտայնութեան ցուցադրութիւնն է:

«Որեւէ տեղ տեսա՞ծ էք քաղաքացիներու մահուան համար ուրախացող հասարակութիւն: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը Թուրքիան հասցուցած է քաղաքային անձերու զանգուածային կոտորածի համար ուրախացող երկրի: Թրքական հասարակութիւնը հասցուած է վախնալու վիճակի», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ըստ Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութեանց. Ազրպէյճան ՏԱՀԵՇ-ը Ֆինանսաւորող ԱՊՀ Երկիրներու Շարքին Երկրորդն Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.