Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութենէն «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, որ համացանցի վրայ ՏԱՀԵՇ-ի անունով յայտնուած տեսանիւթի մը առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է:
Տեսանիւթին մէջ չորս երիտասարդներ կը սպառնան անոնց, որոնք «Վրաստանի մէջ կը պայքարին իսլամութեան դէմ»:
Ձայնագրութեան մէջ զինուած երիտասարդները կը դիմեն իսլամներուն, իսկ տակը անոնց խօսքերը կ՛անցնին ռուսերէն ենթաբնագիրներով:
Անոնք վրացերէնով կը դիմեն Վրաստանի մէջ բնակող իսլամներուն եւ կոչ կ՛ուղղեն միանալու ՏԱՀԵՇ խմբաւորման, իսկ Վրաստանին կը սպառնան խալիֆայութեան հաստատումով: