Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ազատ Արձակեց Փոլլարտը

November 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pollard_112015

Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին վերլուծաբան Ճոնաթան Փոլլարտ, որ Իսրայէլի գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած ըլլալուն համար 1987-ին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, երէկ ազատ արձակուեցաւ` այդպիսով վերջ տալով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ամէնէն երկարատեւ ու վիճելի հարցերէն մէկուն: Անոր ազատ արձակման համար իսրայելեան իրերայաջորդ դիմումները շարունակ մերժուած էին ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ:

Ազատ արձակման պայմաններու համաձայն, 61-ամեայ Փոլլարտի կ՛արգիլուի յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին հեռանալ երկրէն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլացի ժողովուրդը կ՛ողջունէ անոր ազատ արձակումը:

Փոլլարտ մինչեւ 1985-թուական` իր ձերբակալումը, մէկ տարի շարունակ Իսրայէլի փոխանցած է գաղտնի տեղեկութիւններ, որոնց դիմաց գանձած է գումարներ: «Էֆ.Պի.Այ.»-ի կողմէ առաջին անգամ հարցաքննուելէ ետք Փոլլարտ եւ անոր կինը Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունէն ապաստան խնդրեցին, սակայն մերժուեցան: Իսրայէլ սկիզբը հերքեց, թէ Փոլլարտ իր հաշուոյն լրտեսութիւն կ՛ընէր` պնդելով, որ «ինքնագլուխ» պաշտօնատարներու հետ կ՛աշխատակցէր: Սակայն 1995-ին Իսրայէլ անոր քաղաքացիութիւն շնորհեց եւ երկու տարի ետք խոստովանեցաւ, որ իր գործակալն էր:

Փոլլարտի Իսրայէլի փոխանցած տեղեկութեանց շարքին է Թունուզի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնատեղիին արբանեակային լուսանկարները:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ

Յաջորդը

Մալիի Մէջ Զինեալներ Պանդոկ Մը Ներխուժելով 170 Պատանդ Վերցուցին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.