Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Թեհրան` մասնակցելու համար բնական կազ արտածող երկիրներու վեհաժողովին: Ան իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ:
Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին եւ Խամենէի կը մերժեն Սուրիոյ հարցով արտաքին թելադրանքները եւ կ՛ընդգծեն, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ կը ճշդէ ինքն իր ճակատագիրը:
Հանդիպումին ընթացքին Խամենէի Փութինին ըսած է. «Սուրիոյ մէջ ռուսական միջոցառումները շրջանին եւ աշխարհի վրայ բարձրացուցին ձեր եւ Ռուսիոյ հաւաստիութիւնը»: