
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց. «Պիտի չկարենանք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալ, մինչեւ որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցով քաղաքական լուծումի մը հասնինք»
Ան Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը գտնուինք հանգրուանի մը մէջ, ուր Ռուսիան ու Իրանը պէտք է ընտրանք մը կատարեն Ասատի աջակցութեան եւ Սուրիոյ պետութեան պահպանման միջեւ»` աւելցնելով. «Կարելի չէ պատերազմին վերջ տալ, մինչ ան կը գտնուի իշխանութեան վրայ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիական տագնապի խաղաղ լուծումը կարելի չէ առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի»` աւելցնելով, որ Ասատ կը ներկայացնէ «սուրիական ընկերութեան մէկ կարեւոր համեմատութեան» շահերը:
Լաւրով նշեց, որ Արեւմուտքը գիտակցած է անվաւերութիւնը իր նախկին պնդումներուն, թէ Սուրիոյ բոլոր հարցերը կը լուծուին Ասատի հեռացումով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Լաւրով 25 նոյեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա` մասնակցելու համար Ռազմավարական ծրագրման ռուս-թրքական միացեալ խումբի 5-րդ նիստին:
Ըստ անոր, նիստի ընթացքին կը ծրագրուի Սուրիոյ հարցին շուրջ փոխանակել կարծիքներ, քննարկել իրավիճակը Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:
«Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Կիպրոսի խնդիրի լուծման: Ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցերը», ընդգծած է Զախարովա:


