Միջազգային

«Ազատլըգ». «Ալիեւի` Քսաններու  Խմբակին Անյաջող Այցելութիւնը»

«Ազատլըգ». «Ալիեւի` Քսաններու Խմբակին Անյաջող Այցելութիւնը»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Ազատլըգ»-ը կը գրէ, որ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու վեհաժողովին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութիւնը արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէն կարելի չէ յաջող նկատուիլ, որովհետեւ Ազրպէյճանի ղեկավարը վեհաժողովին ընթացքին բացի Թուրքիայէն չէ յաջողած երկկողմանի հանդիպումներ ունենալ մասնակից որեւէ այլ երկրի ղեկավարի հետ: «Ազատլըգ» նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխանամէտ մամուլը զբաղուած...

Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի Նախագահները  Համաձայնած Են Աշխուժացնել Գաղտնի  Սպասարկութեանց Գործակցութիւնը

Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի Նախագահները Համաձայնած Են Աշխուժացնել Գաղտնի Սպասարկութեանց Գործակցութիւնը

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Քրեմլինի լրատուական ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթահ Սիսի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն ծաւալել` Սինայի մէջ ջախջախուած ռուսական օդանաւի դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան մեղսակից յանցագործներու յայտնաբերման ջանքերու ծիրին մէջ: Նկատի կ՛առնուի երկու երկիրներու միջեւ թռիչքներու ընթացքին հաղորդակցութեան առաւելագոյն անվտանգութեան ապահովման յաւելեալ...

Էրտողան. «Թուրքիան Համակարգային  Ճգնաժամէն Դուրս Բերելու Համար  Կարիքը Կայ Նոր Սահմանադրութեան»

Էրտողան. «Թուրքիան Համակարգային Ճգնաժամէն Դուրս Բերելու Համար Կարիքը Կայ Նոր Սահմանադրութեան»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հարցազրոյցի մը ընթացքին` խօսելով նոր սահմանադրութեան անհրաժեշտութեան մասին, յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է դուրս գայ համակարգային ճգնաժամէն: Էրտողան նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է վճռէ կառավարման խորհրդարանական համակարգի հարցը: «Ոմանք այդ մէկը կ՛ընկալեն իբրեւ «Էրտողանի անձնական գործը», սակայն ատիկա այդպէս չէ: Դնենք հարցը ժողովուրդին...

Իրան Մտադիր Է Մեծցնել Համաշխարհային  Շուկայ Արտածուող Քարիւղի Քանակը

Իրան Մտադիր Է Մեծցնել Համաշխարհային Շուկայ Արտածուող Քարիւղի Քանակը

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի քարիւղի նախարար Պիճան Նամտար Զանկանէ յայտարարած է, որ Իրան պատժամիջոցներու վերացման պարագային քարիւղի համաշխարհային շուկայ մատակարարումներու յաւելման հարցին շուրջ ՕՓԵՔ-ի հետ համաձայնութիւն պիտի չգոյացնէ: Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան հաստատած է, որ Իրան մտադիր է մեծցնել քարիւղի արտածումը օրական 500.000 տակառով: Ըստ Զանկանէի, Իրանին չի մտահոգեր գինի ճշդումին վրայ քարիւղի յաւելեալ առաջարկի...

Հոլլանտ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընդլայնուած Դաշինք Մը  Կազմելու ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ահաբեկչութեան  Վճռական Հարուածներ Հասցնելու Համար

Հոլլանտ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընդլայնուած Դաշինք Մը Կազմելու ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ահաբեկչութեան Վճռական Հարուածներ Հասցնելու Համար

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ իր երկրին քաղաքապետերու ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` կազմելու ընդլայնուած դաշինք մը ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան վճռական հարուածներ հասցնելու համար` նշելով, թէ հարցը կը վերաբերի խմբաւորումի մը, որ ամբողջ աշխարհին կը սպառնայ, եւ ոչ թէ որոշ երկիրի մը: «Ահաբեկիչները ուզեցին իր պաշտպանած տիեզերական արժէքները հարուածելու ճամբով` Ֆրանսան մղել խաւարի ու վախի», ըսաւ Հոլլանտ: Ան...

Փարիզի Մէջ Ապահովական Գործողութիւն

Փարիզի Մէջ Ապահովական Գործողութիւն

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին Փարիզի արուարձաններէն Սեն Տընիի մէջ` «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մօտ շղթայազերծեց ապահովական գործողութիւն մը, որուն թիրախն էր Փարիզի յարձակումներուն ծրագրած Ապտելհամիտ Ապաուտը: Գործողութեան ընթացքին սպաննուեցան երկու ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը` կին մը, ինքզինք պայթեցուց: 7 ուրիշներ ձերբակալուեցան: Ոստիկանութեան շարքերուն մէջ արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ: Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ մէկ յարկաբաժինի մէջ գտնուող երեք անձեր ձերբակալուած են, իսկ...

Սինիրլիօղլու. «ՏԱՀԵՇ-ի Մեր Սահմաններուն Վրայ  Գոյութեան Վերջ Տալու Ծրագիրներ Ունինք»

Սինիրլիօղլու. «ՏԱՀԵՇ-ի Մեր Սահմաններուն Վրայ Գոյութեան Վերջ Տալու Ծրագիրներ Ունինք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտարարեց. «Թուրքիան ունի իր սահմաններուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան վերջ տալու ծրագիրներ, որոնց ամբողջացումէն ետք մեր զինուորական գործողութիւնները պիտի ստանան աւելի լայն տարողութիւն, եւ դուք յառաջիկայ օրերուն ատոր ականատես պիտի դառնաք»: «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առումով Թուրքիոյ թափած ջանքերը մաս կը կազմեն միջազգային դաշինքին անոր անդամակցութեան», ըսաւ Սինիրլիօղլու: «Մեր սահմաններուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը պիտի չարտօնենք եւ...

Օպամա. «Փութին Սուրիական Հակամարտութեան  Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կառուցողական Գործընկեր Է»

Օպամա. «Փութին Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կառուցողական Գործընկեր Է»

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ Ասիա-խաղաղովկեանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուսիան յորդորած է վերանայիլ Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները: Ան նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համարած է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ կառուցողական գործընկեր մը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յոյս յայտնած է, որ Փարիզի դէմ իսլամականներու կատարած յարձակումը ազդէ Սուրիոյ...

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ  Պաշտպանութեան Մարզի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ Պաշտպանութեան Մարզի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Տեհքան նամակ մը յղած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքեր Հասանովի: Պաքուի մէջ Իրանի դեսպան Մուհսեն Պաք Այինի կողմէ Հասանովին յանձնուած նամակին մէջ Տեհքան ընդգծած է Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հոլլանտ Յառաջիկայ Շաբաթ  Պիտի Այցելէ Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա.  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Ռուսիա-Ֆրանսա  Զինուորական Համագործակցութեան  Շուրջ Համաձայնութիւն

Հոլլանտ Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա. ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Ռուսիա-Ֆրանսա Զինուորական Համագործակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Հոլլանտ եւ Քերրի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին գոյացուցին ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն մը, որմէ ետք Փութին Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ռուսական մարտանաւերուն հրամայեց արեւելեան Միջերկրական ուղղուող ֆրանսական մարտանաւերը նկատել դաշնակիցներ եւ գործակցիլ անոնց հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի...

Փութին Կը Խոստանայ Յայտնաբերել  Ու Պատժել Յանցագործները.  Սինայի Մէջ Ջախջախուած Ռուսական  Օդանաւը Ականահարուած Է

Փութին Կը Խոստանայ Յայտնաբերել Ու Պատժել Յանցագործները. Սինայի Մէջ Ջախջախուած Ռուսական Օդանաւը Ականահարուած Է

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցեց, որ Սինայի մէջ ռուսական օդանաւի ջախջախման պատճառը ահաբեկչական գործողութիւնն է: Ան նշեց, որ ջախջախուած օդանաւի բեկորներուն վրայ յայտնաբերուած են օտարերկրեայ արտադրութեան պայթուցիկ նիւթեր: Ականի զօրութիւնը կը գնահատուի 1 քիլոկրամով: Մոսկուա 50 միլիոն տոլար խոստացաւ ոեւէ մէկուն, որ մեղսակիցներուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ: Փութին յայտարարեց, որ ռուսական օդանաւին դէմ...

«Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա  Ձեռնարկած Են  Սուրիոյ Հիւսիսային Սահմանի Փակումը  Ամբողջացնելու Գործողութեան»  Կ՛ըսէ Քերրի

«Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Ձեռնարկած Են Սուրիոյ Հիւսիսային Սահմանի Փակումը Ամբողջացնելու Գործողութեան» Կ՛ըսէ Քերրի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը Թուրքիոյ հետ կը ձեռնարկէ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանի փակումը ամբողջացնելու գործողութեան մը: «Հիւսիսային Սուրիոյ ամբողջ սահմանին 75 առ հարիւրը ներկայիս փակուած է: Եւ մենք թուրքերուն հետ նոր գործողութեան մը կը ձեռնարկենք` փակելու համար մնացեալ 98 քիլոմեթրը», յայտնած...

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ  Համաձայնագիրներ Կնքելու Կարելիութիւնը  Կը Քննարկեն 40 Երկիրներ

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Համաձայնագիրներ Կնքելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկեն 40 Երկիրներ

Վլատիմիր Փութին «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ քառասուն երկիրներ կը քննարկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրներու ստորագրման կարելիութիւնը: Փութին այս յայտարարութիւնը կատարած է Ասիա-խաղաղովկեանոսեան տնտեսական համագործակցութեան երկիրներու վեհաժողովին նուիրուած իր յօդուածին մէջ: Ան յօդուածին մէջ յիշեցուցած է, որ մայիսին ազատ առեւտուրի գօտիին վերաբերալ համաձայնագիր կնքուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան...

Թուրքիոյ Ցամաքային Ուժերու  Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

Թուրքիոյ Ցամաքային Ուժերու Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

Սալիհ Զեքի Չոլաք «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական Report.az կայքը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներու, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու հրամանատար Սալիհ Զեքի Չոլաք 17 նոյեմբերին եռօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Պաքու: Այցելութեան ընթացքին թուրք հրամանատարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան եւ շարք մը այլ պաշտօնեաներու հետ: Սալիհ Զեքի Չոլաք Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու հրամանատարի պաշտօնը ստանձնած է 5 օգոստոս...

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ֆրանսայի Ճակատագիրին  Ենթարկել Իր Դէմ Պայքարող  Միջազգային Դաշինքի Անդամները.  Ֆրանսայի Տարածքին Բազմաթիւ Ձերբակալեալներ

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ֆրանսայի Ճակատագիրին Ենթարկել Իր Դէմ Պայքարող Միջազգային Դաշինքի Անդամները. Ֆրանսայի Տարածքին Բազմաթիւ Ձերբակալեալներ

Ֆրանսայի տարածքին իսլամական կասկածեալներու դէմ ոստիկանութեան գործողութեան իբրեւ արդիւնք ձերբակալուեցան 23 անձեր եւ բազմաթիւ զէնքեր գրաւուեցան: Պելճիքական ոստիկանութիւնը իր կարգին խուզարկումներ կատարեց Պրիւքսէլի մէջ, որուն Մոլենպիք շրջանին մէջ հրացանաձգութիւններ եւ պայթումներ լսուեցան: Մինչ այդ, երէկ կէսօրին Ֆրանսայի տարածքին զոհերու յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ: Երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Սորպոնի համալսարանին մէջ գլխաւորեց համազգային քայլը: Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ...

Քսաններու Խմբակը Կոչ Կ՛ուղղէ Ահաբեկչութեան  Ֆինանսաւորման Աղբիւրները «Ցամքեցնելու»

Քսաններու Խմբակը Կոչ Կ՛ուղղէ Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորման Աղբիւրները «Ցամքեցնելու»

Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու խմբակի երկօրեայ վեհաժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտեց ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման «ցամքեցումը» եւ ահաբեկչութիւնը կրօնի մը, ցեղի մը կամ ազգի մը չառնչելու կարեւորութիւնը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներուն ղեկավարները վճռակամ են ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր ներկայացուցած վտանգին դէմ դնելու: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ահաբեկչական արարքները կը խաթարեն միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ...

Փութին-Սալման Հանդիպում.  Մոսկուա. «Արեւմուտքին Հետ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հասարակաց Մեքանիզմներու Շուրջ Համաձայնութիւնը Կը Թուի Բացառուած Ըլլալ»

Փութին-Սալման Հանդիպում. Մոսկուա. «Արեւմուտքին Հետ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հասարակաց Մեքանիզմներու Շուրջ Համաձայնութիւնը Կը Թուի Բացառուած Ըլլալ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Միրոմոլոթով յայտարարեց, որ Արեւմուտքին եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ գործակցութիւնը «Խրիմի թերակղզիի դէպքերէն ետք գործնականապէս տապալեցաւ»` նշելով, որ ներկայիս հաղորդակցութիւնները սահմանափակուած են Ուաշինկթընի հետ ապահովական սահմանափակ տեղեկութեանց փոխանակումով: Ռուս դիւանագէտը Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդին մէջ դռնփակ  նիստի մը ընթացքին աւելցուցած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցերով զբաղող ռուս-ամերիկեան խմբակի աշխատանքը...

Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի  Պատասխանը Անգարային.  «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Համագործակցին  Սուրիացի Քիւրտերուն Հետ»  Կ՛ըսէ Ռոտս

Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Պատասխանը Անգարային. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Համագործակցին Սուրիացի Քիւրտերուն Հետ» Կ՛ըսէ Ռոտս

Պեն Ռոտս Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի օգնական Պեն Ռոտս Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն սուրիացի քիւրտերուն հետ համագործակցութիւնը: Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Թուրքիա մտահոգ է սուրիացի քիւրտերուն հետ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութենէն` Ռոտս...

Փարիզի Ահաբեկիչներէն Երկուքը Թրքական  Կեղծ Անձնագիրներ Ունեցած Են

Փարիզի Ահաբեկիչներէն Երկուքը Թրքական Կեղծ Անձնագիրներ Ունեցած Են

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ տեղեկացուած ֆրանսացի ծերակուտական մը յայտնած է, որ Փարիզի մէջ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին իրենք զիրենք պայթեցուցած ահաբեկիչներէն երկուքը թրքական կեղծ անձնագիրներ ունեցած են: Նախապէս ֆրանսական ոստիկանութիւնը համոզում յայտնած էր, որ ահաբեկիչները օգտուած են սուրիական կեղծ անձնագիրներէ` նկատի ունենալով, որ Եւրոպա գաղթած ոչ սուրիացիներու մօտ Սուրիոյ քաղաքացիի կեղծ անձնագիրներ...

Փարիզի Մէջ Յարձակումներէն Ետք.  Բրիտանիա Կը Բարձրացնէ Ապահովական  Մարմիններու Պիւտճէն

Փարիզի Մէջ Յարձակումներէն Ետք. Բրիտանիա Կը Բարձրացնէ Ապահովական Մարմիններու Պիւտճէն

Փարիզի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումներուն լոյսին տակ, բրիտանական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած սպառնալիքին դէմ ապահովական մարմիններու պայքարին նպաստելու համար կը բարձրացնէ այդ մարմիններուն պիւտճէն եւ կ՛արտօնէ յաւելեալ գումարներ տրամադրել ներքին տեղեկահաւաքի մարմինին` «Էմ.Այ.5»-ին, արտաքին տեղեկահաւաքի մարմինին` «Էմ.Այ.6»-ին եւ հաղորդակցութեանց հսկողութեան կառավարական կեդրոնին` անդամագրելու համար 1900 յաւելեալ գործակալներ: Կը նախատեսուի, որ բրիտանական կառավարութիւնը այս ամիս հաւանութիւն տայ օդային տարածքի անվտանգութեան...

Page 821 of 882 1 … 820 821 822 … 882

Արխիւներ