Սուրիական Ազատ Բանակէն Գնդապետ Զօրավար Մը Կը Բացայայտէ. «Քարիւղի Գնման Համար ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Թուրքերու Ստորագրած Համաձայնագիրներ Ունինք»
Սուրիական ազատ բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար գնդապետ-զօրավար Հուսամ Աուաք ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ազատ բանակը քարիւղի գնման համար թրքական կողմին ՏԱՀԵՇ-ի հետ ստորագրած համաձայնագիրներու պատճէններ ունին»: Ան նշեց. «2011-ին սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր` Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իսլամական ծայրայեղականներուն եւ ահաբեկիչներուն ամէն ձեւով կ՛աջակցի` ընդդէմ չափաւորական խմբաւորումներուն»: Պատասխանելով Սուրիական ազատ բանակի` Ռուսիոյ հետ ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործակցութեան կարելիութեան մասին հարցումի...



















