Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Յայտարարուած Է Նոր Կառավարութեան Կազմը

November 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Davutoglu_112415

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ներկայացուցած է երկրին նոր կառավարութեան կազմը, որ ձեւաւորուած է 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին հիմամբ: Էրտողան հաստատած է նոր կառավարութեան կազմը:

Նոր կառավարութեան մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան ընտրուած, Էրտողանի փեսայ Պերաթ Ալպայրաք նշանակուած է տնտեսութեան նախարար:

Էրտողանի մէկ այլ մտերիմը` Պինալի Եըլտըրըմ ստացած է փոխադրամիջոցներու նախարարի պաշտօնը:

Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Մեհմեթ Շիմշեք նշանակուած է փոխվարչապետ եւ անոր վստահուած է տնտեսական հարցերու համակարգումը: Մեւլութ Չաւուշօղլու վերանշանակուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար: Եըլտըրըմ Թուղրուլ Թիւրքեշ, որ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հիմնադիրին որդին է եւ հակառակ իր կուսակցութեան կամքին մուտք գործած էր փոխանցման կառավարութեան կազմին մէջ, նշանակուած է փոխվարչապետ:

Պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ պահեց իր պաշտօնը, նոյնպէս ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալան, արդարադատութեան նախարար Ճեւտեթ Եըլմազ եւ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր:

 

Նախորդը

«Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան» Գրադարանի Բացում` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Համացանցին Վրայ Հրապարակուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վրաստանին Ուղղուած Սպառնալիք Մը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.