Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի Չի Պատրաստուիր» Ըսաւ Լաւրով

Նոյեմբեր 26, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծելու չենք պատրաստուիր, թուրք ժողովուրդին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը չէ փոխուած: Միայն հարց ունինք թրքական ղեկավարութեան հետ»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը Թուրքիա այցելելու կամ վերջինիս ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ ընդունելու ծրագիրներ չունի: Լաւրով յայտնեց, որ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ միջազգային միջոցառումի մը ընթացքին, մասնաւորաբար Պելկրատի մէջ 3-4 դեկտեմբերին նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի Նախարարական խորհուրդին ընթացքին կրնան միասնաբար նստիլ` հանդարտօրէն քննարկելու համար ամէն բան, «սակայն ես պատասխան մը չտուի, նախ եւ առաջ պէտք չէ քննարկենք, այլ հասկնանք տեղի ունեցածին ամէն երեւոյթները»: «Մենք հանդիպումներէ փախուստ չենք տար, նախարար Չաւուշօղլուի հետ իմ այսօրուան զրոյցս ատիկա կը փաստէ», ըսաւ Լաւրով:

«Ներկայիս (Ռուսիոյ) կառավարութիւնը կը սերտէ (Թուրքիոյ հետ) ամբողջ յարաբերութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք չեն ուզեր թուրք արտադրողներու եւ արտածողներու կամ ռուսական ընկերութիւններու համար արհեստական խնդիրներ ստեղծել, «սակայն չենք կրնար տեղի ունեցածը անպատասխան ձգել»:

Լաւրով ըսաւ, որ իր թուրք պաշտօնակիցը ցաւ յայտնած է «Սու-24»-ի միջադէպին համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ փորձած է արդարացնել թրքական օդուժին արարքը: «Մենք երէկ թրքական կողմէն, այդ ալ աւելի բարձր մակարդակով բացատրութիւններ կը սպասէինք: Աւելի լաւ է ուշ ըլլայ, քան երբեք», ըսաւ Լաւրով:

«Թուրքիան ի՞նչ պէտք է ընէ կացութիւնը բնականոնացնելու համար: Պէտք է եզրակացութիւններու յանգիլ, ի վերջոյ երէկուանին պէս յարձակումները բացարձակապէս անընդունելի են: Նախարար Չաւուշօղլուէն ցաւակցական խօսքեր լսեցի, սակայն մնացեալ բոլոր խօսքերը կը ձգտէին արդարացնել թրքական կեցուածքը»:

Չաւուշօղլու վստահեցուցած է, որ Անգարա կ՛ուզէ պահպանել Մոսկուայի հետ բարեկամական կապերը, սակայն մերժած է յայտնել, եթէ Թուրքիա պիտի փակէ Սուրիոյ մէջ զինեալներուն մատակարարման ճամբան:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ «Սու-24»-ին դէմ յարձակումը կը թուի ծրագրուած գրգռութիւն մը ըլլալ` աւելցնելով, որ կարգ մը ռուս գործընկերներ զայն «բացայայտ թակարդ մը» կը նկատեն:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Մեր պատերազմական օդանաւին վար առնուելուն հետ պիտի վարուինք ամենայն լրջութեամբ եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցները պիտի օգտագործենք մեր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»:

Ան թրքական ղեկավարութիւնը ամբաստանեց Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղականութիւնը տարածելու դիտաւորեալ քաղաքականութիւն կիրարկելու յանցանքով:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ Հումէմիմ զօրակայանին մէջ «Էս-400» հակաօդային համակարգեր պիտի տեղակայէ` աւելցնելով, որ Լաթաքիոյ ծովափին դիմաց գտնուող «Մոսքվա» յածանաւը պատրաստ է վնասազերծելու որեւէ թիրախ, որ վտանգ կը ներկայացնէ:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իր կարգին զգուշացուց, որ թրքական ընկերութիւնները պիտի կորսնցնեն ռուսական շուկային մէջ իրենց բաժինը: Ան Անգարան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ը պաշտպանելու յանցանքով` աւելցնելով, որ կարգ մը թուրք պատասխանատուներ ահաբեկչական խմբաւորման հետ քարիւղի առեւտուրին մէջ նիւթական շահեր ունին:

Ըստ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, ռուսական հակադարձութիւնը պիտի ներառէ Թուրքիոյ հետ ապահովական ու տնտեսական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Ռուսիա ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող քարիւղ փոխադրող բեռնատարները հարուածելով վնաս պատճառած է Թուրքիոյ:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտարարեց, որ Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիան ներում հայցէ «Սու-24»-ը վար առնելուն համար եւ փոխհատուցէ զոհուած սպայի ընտանիքին հասած վնասը: «Մենք Թուրքիայէն կ՛ակնկալենք, որ ան ընդունի կատարուած գործողութեան անօրինականութիւնը եւ փոխհատուցէ Ռուսիոյ ու զոհուած սպայի ընտանիքին հասած վնասը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յանցագործութիւնը անպատիժ պիտի չմնայ եւ անխուսափելիօրէն պիտի ազդէ Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վրայ»:

Հաղորդենք, որ «Սու-24»-ի վար առնուելէն վերապրած ռուս օդաչուն երէկ հերքեց, թէ թրքական օդանաւերը կրակ բանալէ առաջ զգուշացուցած են զիրենք: Նշենք, որ ցուցարարներ երէկ քարկոծեցին Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը:

Էրտողան. «Թուրքիա Չ՛ուզեր
Կացութիւնը Մղել Մագլցումի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա չ՛ուզեր կացութիւնը մագլցումի մղել` աւելցնելով, որ իր երկիրը պաշտպանած է իր անվտանգութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ «մեր եղբայրներուն իրաւունքները»: Ան նշեց, որ ռուսական օդանաւերը Սուրիոյ մէջ փոխան ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն այլ վայրեր թիրախ կը դարձնեն:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Թուրքիա նպատակ չունի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու եւ լարուածութիւնը հրահրելու:

«Ռուսիան մեր դրացին է, մեր բարեկամը եւ շատ կարեւոր գործընկեր մը: Կապերը խզելու կամ այս միջադէպին առնչութեամբ լարուածութիւնը հրահրելու նպատակ չունինք: Սակայն իրաւունք ունինք պաշտպանելու մեր սահմանները եւ այսուհետեւ ալ պիտի շարունակենք պաշտպանել: Օդանաւը սպառնալիք մը նկատուեցաւ եւ հակադարձութեան կանոնները կիրարկուեցան», ըսաւ ան:

Ան Ռուսիան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը պատրուակ օգտագործելով` Սուրիոյ թուրքմէններուն դէմ յարձակում գործելու յանցանքով: Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Տաւութօղլու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ինք անձամբ տուած է «Սու-24»-ը վար առնելու հրամանը:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

Թուրքիոյ նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են «Սու-24»-ի հարցը: Օպամա նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու իրաւունքին:

Երկու նախագահները խօսած են այդպիսի դէպքերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար ձեռնարկուելիք քայլերու մասին եւ յայտնած, որ համակարծիք են հարկադրուած խոցման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ: Անոնք նշած են, որ նաեւ համակարծիք են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը շարունակելու հարցին մէջ միասնական կերպով գործելու առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Գնդակը Կը Գտնուի Ռուսիոյ Դաշտին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?