Միջազգային

Էրտողան Այսօր Ստեփանակերտ Կ՛այցելէ

Էրտողան Այսօր Ստեփանակերտ Կ՛այցելէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր կ՛այցելէ Ստեփանակերտ, ուր պիտի մասնակցի Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 17-րդ խորհրդաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Էրտողան բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ եւ խօսք մը պիտի արտասանէ: Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ այսօր Ստեփանակերտ այցելողներու շարքին պիտի ըլլայ նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  Իրան-Ամերիկեան Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը  Տեղի Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Շաբաթ

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իրան-Ամերիկեան Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը Տեղի Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Շաբաթ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ կը նախատեսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու 6-րդ փուլը տեղի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, Օսլոյի մէջ:  

Ըստ Թուրքիոյ Նախագահի Աշխատակազմին.  Ուքրանիոյ Հարցով Ղեկավարներու Վեհաժողով  Կազմակերպելու Վերջնաժամկէտ Չկայ

Ըստ Թուրքիոյ Նախագահի Աշխատակազմին. Ուքրանիոյ Հարցով Ղեկավարներու Վեհաժողով Կազմակերպելու Վերջնաժամկէտ Չկայ

Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու վեհաժողովի կազմակերպման ժամկէտ չկայ, Անգարայի նախաձեռնութիւնը կախեալ է բանակցային հոլովոյթի ընթացքէն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, թէ Անգարայի վերջնական նպատակը Ուքրանիոյ հարցով ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում կատարելն է` նշելով, որ այս մասին տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Միւս կողմէ, Լեհաստանի...

Էրտողան. «2026 Թուականի ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը  Պիտի Գումարուի Անգարայի Մէջ»

Էրտողան. «2026 Թուականի ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը Պիտի Գումարուի Անգարայի Մէջ»

ՕԹԱՆ-ի յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2026-ին, Անգարայի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք դաշինքի ղեկավարները կ՛ընդունինք մեր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ: Մենք հող պիտի պատրաստենք շատ կարեւոր որոշումներ կայացնելու համար», ըսած է ան: Էրտողան բացատրած է, որ նման որոշում տրուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու վեհաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր Լա Հէյի մէջ:

Թրամփ. «Իսրայէլ Համաձայն Գտնուեցաւ  Կազայի Մէջ 60 Օր Տեւողութեամբ  Զինադադարի Հաստատման Պայմաններուն»

Թրամփ. «Իսրայէլ Համաձայն Գտնուեցաւ Կազայի Մէջ 60 Օր Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման Պայմաններուն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ «անհրաժեշտ պայմաններուն» Կազայի մէջ 60 օր տեւողութեամբ զինադադարին, որուն ընթացքին ջանքեր պիտի թափուին պատերազմին վերջ տալու: Թրամփ նշեց, որ իր ներկայացուցիչները երեքշաբթի օր իսրայէլացիներուն հետ երկարատեւ ու շինիչ ժողով մը գումարած են: Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ խաղաղութեան հաստատման համար լրջօրէն աշխատած քաթարցիներն ու եգիպտացիները այդ վերջնական առաջարկը պիտի ներկայացնեն:...

«Եթէ Չինաստան Ռուսիոյ Զինուորական  Օգնութիւն Տրամադրէ, Ատոր Համար  Պիտի Ստիպուի Իրական Գին Վճարելու»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Միացեալ Նահանգներ Առկախեցին Ուքրանիոյ Որոշ Զէնքերու Առաքումը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ առկախեցին Ուքրանիոյ որոշ զէնքերու, ներառեալ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու առաքումը»: Նախքան այդ, լրատուամիջոցներ հաղորդած էին այդ մասին եւ քայլը վերագրած իր զինամթերքի պահեստի նուազման նկատմամբ Ուաշինկթընի մտահոգութեան: Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Աննա Քելի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որոշումը որդեգրուեցաւ Ամերիկայի շահերը առաջնակարգ դասելու համար, պաշտպանութեան նախարարութեան մեր երկրին աշխարհի տարածքին այլ երկիրներու տրամադրած զինուորական...

Չելիք. «ՔԱԿ-ը Կրնայ Քանի Մը Օրէն  Զէնքերը Յանձնելու Սկսիլ»

Չելիք. «ՔԱԿ-ը Կրնայ Քանի Մը Օրէն Զէնքերը Յանձնելու Սկսիլ»

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) կրնայ արդէն քանի մը օրուան ընթացքին սկսիլ զէնքերը յանձնելու հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք: Չելիք աւելցուցած է, որ յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան «չափազանց կարեւոր` ահաբեկչութենէ ազատ Թուրքիա ունենալու համար»: Քրտական կուսակցութիւնը, որ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր արիւնալի տագնապի մէջ...

Իրան Ուժի Մէջ Մտաւ Հիւլէական Ուժանիւթի  Միջազգային Գործակալութեան Հետ  Համագործակցութիւնը Դադրեցնելու Օրէնքը

Իրան Ուժի Մէջ Մտաւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Համագործակցութիւնը Դադրեցնելու Օրէնքը

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ստորագրեց ՄԱԿ-ի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը դադրեցնելու օրէնքը, որ այդպիսով երէկուընէ մտաւ ուժի մէջ: Այս մասին հաղորդեց Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը: Իրանի խորհրդարանը 25 յունիսին թեր քուէարկեց գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը դադրեցնելու նախագիծին` պատճառաբանելով, թէ գործակալութիւնը չէ դատապարտած Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու յարձակումները Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ: Նախագիծով գործակալութեան տեսուչներուն կ՛արգիլուի մուտք գործել հիւլէական կառոյցներ,...

Մոթահարի. «Ռուսիան «Էս-400» Համակարգեր  Մատակարարած Է Թուրքիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ,  Սակայն Կը Մերժէ Զանոնք Իրանին Փոխանցել»

Մոթահարի. «Ռուսիան «Էս-400» Համակարգեր Մատակարարած Է Թուրքիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ, Սակայն Կը Մերժէ Զանոնք Իրանին Փոխանցել»

Իրանի խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ալի Մոթահարի քննադատած է Ռուսիան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Իրան» թելեկրամեան ալիքը: Մոթահարի «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ դժգոհութիւն յայտնած է, որ Ռուսիան «Էս-400» հակաօդային համակարգեր չի վաճառեր: «Ռուսիան «Էս-400» համակարգեր մատակարարած է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ, սակայն կը մերժէ զանոնք փոխանցել Իրանին, երկրի մը, որ անոր կ՛օգնէ Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ` անօդաչու թռչող...

Փեսքով. «Քրեմլին Տեսած Է Ազրպէյճանի Մէջ  Ռուսիոյ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Նկարները  Եւ Ուշադրութիւն Դարձուցած Բոլոր  Մանրամասնութիւններուն»

Փեսքով. «Քրեմլին Տեսած Է Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Նկարները Եւ Ուշադրութիւն Դարձուցած Բոլոր Մանրամասնութիւններուն»

Քրեմլին տեսած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու ձերբակալման նկարները եւ ուշադրութիւն դարձուցած բոլոր մանրամասնութիւններուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իսկապէս, մենք տեսած ենք բոլոր տեսանիւթերը եւ ուշադրութիւն դարձուցած բոլոր մանրամասնութիւններուն», նշած է ան: Ազրպէյճանի պետական լրատուամիջոցները ցուցադրած էին ազրպէյճանական պետական իրաւապահ մարմիններուն կողմէ Ռուսիոյ քաղաքացիներու ձերբակալումն ու անոնց վարկաբեկումը: Լուսանկարները...

3 Տարուան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով  Փութին-Մաքրոն Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

3 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Փութին-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գրեթէ երեք տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ: Ըստ Քրեմլինի հաղորդագրութեան, «Փութին յիշեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը Արեւմտեան քաղաքականութեան ուղղակի հետեւանք է: Խօսելով խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն մասին` ան հաստատած է...

Թրամփ Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները  Ջնջող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

Թրամփ Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջող հրամանագիր մը ստորագրեց: Թրամփ արդէն մայիսին որոշած էր ջնջել կարգ մը պատժական տնօրինումներ` քաղաքացիական պատերազմէն ետք Դամասկոսի վերաշինութեան աշխատանքներուն օգնելու համար: Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը կը նպաստէ ամերիկեան ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր...

Արաղչի. «Չեմ Կարծեր, Որ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները Այդքան Արագ Պիտի Վերականգնին»

Արաղչի. «Չեմ Կարծեր, Որ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները Այդքան Արագ Պիտի Վերականգնին»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Չեմ կարծեր, որ Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները այդքան արագ պիտի վերականգնին»: «Որպէսզի վերստին բանակցինք, պէտք է նախ եւ առաջ երաշխաւորենք, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններու ընթացքին վերստին զինուորական յարձակումով մը մեզ պիտի չթիրախաւորէ», նշեց Արաղչի: «Տակաւին յաւելեալ ժամանակի կարիք ունինք, եւ հակառակ այդ բոլոր նկատառումներուն, դիւանագիտութեան դռները երբեք պիտի չփակուին», շեշտեց իրանեան...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

«Ուիթքոֆ Կը Շարունակէ Խորհրդակցիլ Իրանի Իշխանութիւններուն Հետ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիվըն Ուիթքոֆ կը շարունակէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրին վերաբերեալ Իրանի հետ քննարկումները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լիւիթ: «Մեր յատուկ պատուիրակ Սթիվընը կապի մէջ է իրանցիներուն հետ` թէ՛ անմիջականօրէն, թէ՛ միջնորդներու միջոցով: Այս կապը կը շարունակուի: Նախագահը չէ կապուած Իրանի հետ», ըսած է Լիւիթ:...

Մոսկուա. «Ազրպէյճանի Դեսպանին  Բանաւոր Բողոքագիր Յղուած Է»

Մոսկուա. «Ազրպէյճանի Դեսպանին Բանաւոր Բողոքագիր Յղուած Է»

Պաքուի անբարեացակամ գործողութիւններուն վերաբերեալ բողոք ներկայացուած է Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել ձերբակալուած ռուս լրագրողները: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ազրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յանձնուած է բանաւոր բողոքագիր, որով կը պահանջուի անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ ձերբակալուած ռուս լրագրողներ Քարտավիխինը եւ Պելոուսովը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: «Սփութնիք Արմենիա»...

Փեզեշքիան Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան,  Ինչպէս Նաեւ Բռնագրաւուած Ստեփանակերտ

Փեզեշքիան Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան, Ինչպէս Նաեւ Բռնագրաւուած Ստեփանակերտ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Իրանի նախագահը պիտի մասնակցի տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին, որ այս տարի նախատեսուած է 3-4 յուլիսին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ: Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս պիտի մասնակցի վեհաժողովին: Նշենք, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յորդորած էր մանրակրկիտ կերպով հետաքննելու...

Թրամփ 7 Յուլիսին Նեթանիահուն  Պիտի Ընդունի Սպիտակ Տան Մէջ

Թրամփ 7 Յուլիսին Նեթանիահուն Պիտի Ընդունի Սպիտակ Տան Մէջ

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 7 յուլիսին Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Թրամփ երկուշաբթի, 7 յուլիսին Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Նեթանիահուն: Պիտի քննարկուին կարգ մը կարեւոր հարցեր, ինչպէս` Կազայի մէջ յառաջիկայ քայլերը եւ Սուրիոյ ու Իրանի նկատմամբ քաղաքականութիւնը: Ամերիկեան...

Քելլոկ «Օրուելեան» Կոչած Է Փեսքովի  Ուքրանիոյ Հարցով Բանակցութիւններու  Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Քելլոկ «Օրուելեան» Կոչած Է Փեսքովի Ուքրանիոյ Հարցով Բանակցութիւններու Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ «օրուելեան» կոչած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի` Ուքրանիոյ հարցին շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները: «Փեսքովի բանակցութիւններու ընթացքին մասին վերջին մեկնաբանութիւնները կը հնչեն օրուելեան ճշմարտութիւններու պէս: Ռուսիոյ պնդումները, թէ իբրեւ թէ Միացեալ Նահանգներն ու Ուքրանիան կը խոչընդոտեն խաղաղ բանակցութիւնները, անհիմն են: «Նախագահ Թրամփ հետեւողականօրէն եւ անդադար կը ձգտի յառաջընթացի` պատերազմի աւարտի...

Թրամփ Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Ամերիկեան  Հարուածները Չեն Ոչնչացուցած Իրանեան  Հիւլէական Ծրագիրը, Ինչպէս Նախապէս Կը Պնդէր

Թրամփ Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Ամերիկեան Հարուածները Չեն Ոչնչացուցած Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրը, Ինչպէս Նախապէս Կը Պնդէր

Իրան կրնայ տակաւին ունենալ գործող յաւելեալ հիւլէական կառոյց մը, մենք գիտէինք, որ անոնք ունին բազմաթիւ կառոյցներ, թերեւս երեք առաւել մէկ, սակայն երեքը հիմնականներն են: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Միեւնոյն ժամանակ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութենէն աղբիւրներու, կը գրէ, թէ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն Միացեալ Նահանգներու...

Սահեր. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Հաստատումով Հետաքրքրուած Ենք»

Սահեր. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատումով Հետաքրքրուած Ենք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումով հետաքրքրուած ենք»: Սուրիական աղբիւր մը իր կարգին իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները կառուցուին աստիճանաբար, մինչեւ տարեվերջին իրենց հիմնական տեսքին հասնիլը»: Սուրիական աղբիւրը նաեւ նշած է. «Դամասկոս Իսրայէլէն պիտի պահանջէ ճանչնալ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը եւ չմիջամտել տիւրզիներու, ալեւիներու...

Page 81 of 882 1 … 80 81 82 … 882

Արխիւներ