Իրանի խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ալի Մոթահարի քննադատած է Ռուսիան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Իրան» թելեկրամեան ալիքը:
Մոթահարի «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ դժգոհութիւն յայտնած է, որ Ռուսիան «Էս-400» հակաօդային համակարգեր չի վաճառեր:
«Ռուսիան «Էս-400» համակարգեր մատակարարած է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ, սակայն կը մերժէ զանոնք փոխանցել Իրանին, երկրի մը, որ անոր կ՛օգնէ Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ` անօդաչու թռչող սարքերով: Պատճառը վախն է, որ այդ համակարգերը կրնան օգտագործուիլ Իսրայէլի դէմ:
«Ահա թէ ինչ տեսք ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ այդքան բարձրաձայն յայտարարուող «ռազմավարական համագործակցութիւն»-ը», նշած է Մոթահարի: