Ազրպէյճանի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Բողոքի Իբրեւ Նշան Պիտի Չմասնակցի Մոսկուայի Մէջ Ազրպէյճան-Ռուսիա Համագործակցութեան Միջխորհրդարանական Յանձնախումբի 23-րդ Նիստին
Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ Ալի Ահմետովի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 23-րդ նիստին: Այս մասին, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտնած են Ազրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Կը նշուի, որ այցելութեան ջնջման պատճառը Եքաթերինպուրկի մէջ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ազրպէյճանցիներու նկատմամբ առանց դատավարութեան կամ հետաքննութեան կատարուած ցուցադրական,...




















