Պաքուի անբարեացակամ գործողութիւններուն վերաբերեալ բողոք ներկայացուած է Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել ձերբակալուած ռուս լրագրողները: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ազրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յանձնուած է բանաւոր բողոքագիր, որով կը պահանջուի անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ ձերբակալուած ռուս լրագրողներ Քարտավիխինը եւ Պելոուսովը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ Պաքուի մէջ դարձեալ ձերբակալուած են Ռուսիոյ խումբ մը քաղաքացիներ:
Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ ռուսերը կը մեղադրուին Իրանէն թմրեցուցիչներ տարանցիկ տեղափոխելու եւ համացանցային խարդախութիւն կատարելու յանցանքով: