Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան, Ինչպէս Նաեւ Բռնագրաւուած Ստեփանակերտ

Յուլիս 2, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան պիտի այցելէ Ազրպէյճան:

Իրանի նախագահը պիտի մասնակցի տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին, որ այս տարի նախատեսուած է 3-4 յուլիսին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս պիտի մասնակցի վեհաժողովին:

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յորդորած էր մանրակրկիտ կերպով հետաքննելու այն հաղորդումները, որոնց համաձայն, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը եւ օդանաւերը կրնային Իրանի օդային տարածք մտնել Ազրպէյճանի տարածքին ճամբով:

Ըստ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, Փեզեշքիան Ալիեւի հետ 26 յունիսի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ նաեւ ընդգծած է, թէ Իրան երբեք պատերազմ չէ սկսած, մինչդեռ Իսրայէլի վարչակարգը գործած է միջազգային օրէնքի խախտումով` թիրախաւորելով հիւլէական կառոյցները:

Ի պատասխան, ըստ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի նախագահը ափսոսանք յայտնած է Իսրայէլի յարձակումներուն եւ անոնց պատճառով քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերու նկատմամբ` վերահաստատելով Ազրպէյճանի յարգանքը Իրանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:

Ալիեւ նաեւ հերքած է մեղադրանքները, թէ Ազրպէյճանի օդային տարածքը իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ օգտագործուած է Իրանը հարուածելու համար:

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ամբողջովին կը վերահսկէ իր օդային տարածքը եւ երբեք պիտի չարտօնէ, որ անիկա օգտագործուի Իրանի դէմ», ըսած է Ալիեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտնեց, որ Ալիեւ Փեզեշքիանին վստահեցուցած է, որ իրենք չեն արտօներ, որ իրենց տարածքը օգտագործուի Իրանը հարուածելու համար:

«Մենք պաշտօնական տեղեկութիւն չունինք, որ նման բան տեղի ունեցած է, ուստի միայն մամլոյ ենթադրութիւններու վրայ չենք կրնար դիրքորոշում յայտնել», ըսած է Իրանի դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ 7 Յուլիսին Նեթանիահուն Պիտի Ընդունի Սպիտակ Տան Մէջ

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ազրպէյճանի Դեսպանին Բանաւոր Բողոքագիր Յղուած Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?