Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իսրայէլ Համաձայն Գտնուեցաւ Կազայի Մէջ 60 Օր Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման Պայմաններուն»

July 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ «անհրաժեշտ պայմաններուն» Կազայի մէջ 60 օր տեւողութեամբ զինադադարին, որուն ընթացքին ջանքեր պիտի թափուին պատերազմին վերջ տալու:

Թրամփ նշեց, որ իր ներկայացուցիչները երեքշաբթի օր իսրայէլացիներուն հետ երկարատեւ ու շինիչ ժողով մը գումարած են:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ խաղաղութեան հաստատման համար լրջօրէն աշխատած քաթարցիներն ու եգիպտացիները այդ վերջնական առաջարկը պիտի ներկայացնեն:

Թրամփ յոյս յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը կ՛ընդունի այս համաձայնութիւնը, «որովհետեւ այլապէս կացութիւնը պիտի չբարելաւուի, այլ պիտի վատթարանայ»:

Թել Աւիւի գնահատումով Կազայի մէջ կան 50 իսրայէլացի գերիներ, որոնցմէ 20-ը տակաւին ողջ են, իսկ իսրայէլեան բանտերուն մէջ կան աւելի քան 10400 պաղեստինցի բանտարկեալներ:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը, վկայակոչելով Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւրներ, հաղորդեց, որ գործարքի հասնելու մեծ հաւանականութիւն կայ, սակայն տակաւին երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:

Աղբիւրները աւելցուցին, որ այդ տարակարծութիւններուն գլխաւորներն են պատերազմին վերջ տալու պայմաններն ու Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման տարողութիւնը:

Քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնած է, թէ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ձեւաչափին պիտի ընկերակցի ամերիկեան կողմէն նամակ մը, որ պիտի բովանդակէ Իսրայէլի համար երաշխիքներ, որոնք անոր կ՛արտօնեն կռիւը վերսկսիլ, եթէ Համաս շարժումը զինաթափելու եւ անոր ղեկավարները աքսորելու իր պահանջները չբաւարարուին:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Առկախեցին Ուքրանիոյ Որոշ Զէնքերու Առաքումը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.