Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ «օրուելեան» կոչած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի` Ուքրանիոյ հարցին շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները:
«Փեսքովի բանակցութիւններու ընթացքին մասին վերջին մեկնաբանութիւնները կը հնչեն օրուելեան ճշմարտութիւններու պէս: Ռուսիոյ պնդումները, թէ իբրեւ թէ Միացեալ Նահանգներն ու Ուքրանիան կը խոչընդոտեն խաղաղ բանակցութիւնները, անհիմն են:
«Նախագահ Թրամփ հետեւողականօրէն եւ անդադար կը ձգտի յառաջընթացի` պատերազմի աւարտի հարցին մէջ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ զինադադարի եւ անցումի եռակողմ բանակցութիւններու` պատերազմը աւարտելու համար: Ռուսիան չի կրնար շարունակել ժամանակ երկարաձգել` ռմբակոծելով Ուքրանիոյ քաղաքային կառոյցները», «Էքս»-ի վրայ գրած է Քելլոկ:
Փեսքով 29 յունիսին, խօսելով Ուքրանիոյ հետ բանակցային հոլովոյթի ընթացքին մասին, յայտարարած էր, որ «շատ բան» կախեալ է Ուքրանիոյ դիրքորոշումէն եւ անկէ, թէ «որքա՛ն արդիւնաւէտ պիտի շարունակուին Ուաշինկթընի միջնորդական ջանքերը»:
Ան նշած էր, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումը «շատ յայտնի է»: «Բացի ատկէ, կայ գետնի վրայ իրական կացութիւն մը, որ կարելի չէ անտեսել եւ պէտք է հաշուի առնել: Ահա այս բոլոր բաղադրիչները կը ձեւաւորեն ընդհանուր պատկերը: Անիկա բարդ է, ոչ դիւրին, սակայն կախեալ պիտի ըլլայ ինքնին իրենցմէ», ըսած էր Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը: