Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջող հրամանագիր մը ստորագրեց:
Թրամփ արդէն մայիսին որոշած էր ջնջել կարգ մը պատժական տնօրինումներ` քաղաքացիական պատերազմէն ետք Դամասկոսի վերաշինութեան աշխատանքներուն օգնելու համար:
Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը կը նպաստէ ամերիկեան ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր գործակիցներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ի զօրու պիտի մնան:
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք Թրամփի կատարած քայլը նկատեց «սուրիական տնտեսութիւնը վերստին գործի լծելու համապարփակ առիթ մը»:
Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը պետութեան կառուցման չեն ձգտիր, այլ առիթ կ՛ընծայեն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Սիզըր» օրէնքի հաւանական ամբողջական առկախումը պիտի ուսումնասիրեմ»:
«Ամերիկեան պատժամիջոցները Սուրիոյ ապագային արգելք պիտի չըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պատժամիջոցները վերցնելը ապահով, կայուն եւ յաջող ապագայի կառուցման ձգտող սուրիացի ժողովուրդին համար առիթ մըն է»:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց Սուրիոյ ընդհանուր ապահովութեան, Հայըաթ Թահրիր Շամի մասնայատուկ ուժերու եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն ղեկավար դէմքերու մարտին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն մեղսակցութեան վերաբերեալ հետաքննական զեկուցում մը, որ կը նշէ, թէ 2 օրուան մէջ շուրջ 1500 ալեւի քաղաքայիններ սպաննուած են, եւ իրենց շարքերուն մէջ օտար զինեալներ ունեցող առնուազն 10 զինեալ խմբաւորումներ ջարդերուն մեղսակից եղած են:
«Ռոյթըրզ» կ՛ընդգծէ, որ այդ խմբաւորումներուն շուրջ կէսը տարիներէ ի վեր միջազգային պատժամիջոցներու ենթակայ են` մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներու պատճառով:
«Ռոյթըրզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ հետզհետէ աւելի կը շատնան ալեւի կիներու առեւանգման դէպքերը: