Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գրեթէ երեք տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ: Ըստ Քրեմլինի հաղորդագրութեան, «Փութին յիշեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը Արեւմտեան քաղաքականութեան ուղղակի հետեւանք է: Խօսելով խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն մասին` ան հաստատած է հաւանական համաձայնագիրներու հիմնարար մօտեցումները: Համաձայնագիրները պէտք է ըլլան երկարաժամկէտ, նախատեսեն արմատական պատճառներու վերացումը եւ հիմնուած ըլլան իրականութեան վրայ:
«Փութին եւ Մաքրոն նշած են Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի պատասխանատուութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան պահպանման եւ հիւլէական զէնք չտարածելու դրութեան պահպանման գործին մէջ: Կողմերը հանդէս եկած են իրանեան ծրագիրին շուրջ ճգնաժամի կարգաւորման քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով հասնելու օգտին:
«Փութին եւ Մաքրոն ընդգծած են Թեհրանի խաղաղ հիւլէական ուժանիւթի օրինական իրաւունքը յարգելու, Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին համաձայնագիրի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները կատարելու եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցելու կարեւորութիւնը:
«Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները` Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ դիրքորոշումներու հաւանական համաձայնեցման նպատակով»:
Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Մաքրոն նախքան Փութինին հեռաձայնելը եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան աւարտէն ետք կապ հաստատած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ` անոր զրոյցի բովանդակութեան մասին տեղեկացնելու համար:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ Փութինի հետ զրոյցի մասին խօսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Մաքրոնի գրասենեակը հաղորդած է, որ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը զօրակցած է Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի եւ խաղաղ բանակցութիւններու մեկնարկին:
Մաքրոն ընդգծած է, որ միայն Ուքրանիան կրնայ որոշել` տարածքային զիջումներու դիմե՞լ, թէ՞ ոչ: