Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր կ՛այցելէ Ստեփանակերտ, ուր պիտի մասնակցի Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 17-րդ խորհրդաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Էրտողան բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ եւ խօսք մը պիտի արտասանէ:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ այսօր Ստեփանակերտ այցելողներու շարքին պիտի ըլլայ նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: