Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) կրնայ արդէն քանի մը օրուան ընթացքին սկսիլ զէնքերը յանձնելու հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք:
Չելիք աւելցուցած է, որ յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան «չափազանց կարեւոր` ահաբեկչութենէ ազատ Թուրքիա ունենալու համար»:
Քրտական կուսակցութիւնը, որ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր արիւնալի տագնապի մէջ է թրքական պետութեան հետ, մայիսին որոշում տուաւ ինքզինք լուծարելու եւ զինեալ պայքարը դադրեցնելու:
Իրաքի հիւսիսը մայիսին գումարուած եզրափակիչ ընդհանուր ժողովէն ետք, զինեալ խմբաւորումը յայտարարեց, որ զէնքով հասած է պատմական արդիւնքներու, սակայն հիմա ժամանակն է անցնիլ դիւանագիտական գործելաոճի:
Կուսակցութեան` Իրաքի հիւսիսը տեղակայուած երկու աղբիւրներ հաստատած են, որ փոքր խումբ մը կը նախատեսէ յառաջիկայ օրերուն զէնքերը յանձնել հիւսիսային Իրաքի քրտական Սուլէյմանիէ քաղաքին մէջ: