Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Առկախեցին Ուքրանիոյ Որոշ Զէնքերու Առաքումը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

July 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ առկախեցին Ուքրանիոյ որոշ զէնքերու, ներառեալ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու առաքումը»:

Նախքան այդ, լրատուամիջոցներ հաղորդած էին այդ մասին եւ քայլը վերագրած իր զինամթերքի պահեստի նուազման նկատմամբ Ուաշինկթընի մտահոգութեան:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Աննա Քելի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որոշումը որդեգրուեցաւ Ամերիկայի շահերը առաջնակարգ դասելու համար, պաշտպանութեան նախարարութեան մեր երկրին աշխարհի տարածքին այլ երկիրներու տրամադրած զինուորական օժանդակութիւնները վերատեսութեան ենթարկելէ ետք»:

«Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը դադրեցնեն Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի ղեկավարման ժամանակ Ուքրանիոյ խոստացուած հակաօդային որոշ հրթիռներու եւ այլ ճշգրիտ կառավարուող զինատեսակներու մատակարարումը: Պատճառը Փենթակոնի պաշարներու չափազանց կրճատումն է:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ որոշումը տրուած է Փենթակոնի քաղաքական բաժինի ղեկավար Էլպրիճ Քոլպիի նախաձեռնութեամբ` մնացած պաշարները ստուգելէ ետք:

Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչակազմին խոստացած օգնութեան մէկ մասը կասեցնելու որոշումը տրուած է յունիսի սկիզբը, սակայն անիկա ուժի մէջ մտած է միայն հիմա:

Ուքրանական իշխանութիւնները երէկ իրենց մօտ կանչեցին Քիեւի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավարը:

Քրեմլին նշեց. «Ուքրանիոյ զինուորական օժանդակութիւնները նուազեցնելը տագնապի աւարտը աւելի մօտ կը դարձնէ»:

 

Նախորդը

Չելիք. «ՔԱԿ-ը Կրնայ Քանի Մը Օրէն Զէնքերը Յանձնելու Սկսիլ»

Յաջորդը

Թրամփ. «Իսրայէլ Համաձայն Գտնուեցաւ Կազայի Մէջ 60 Օր Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման Պայմաններուն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.