Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր երկիրը «պիտի ստիպուի» Ուքրանիա յաւելեալ պաշտպանական զէնքեր ուղարկել, որպէսզի ան կարենայ ինքզինք պաշտպանել Ռուսիոյ դիմաց, որ ուքրանական Սումի եւ Տնեփրոփեթրովսք մարզերուն մէջ երկու քաղաքներ գրաւեց: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոն շուրջ մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած էր, թէ կ՛առկախէ Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու, թիրախահար հրետանիի եւ այլ զէնքերու յանձնումը` «պահեստի նկատառելի չափով նուազման...

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, թէ իր երկիրը Իրանին փոխանցած է «անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու կարելիութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը»: Ֆիտան լրագրողներուն յայտնեց. «Ներկայ պահուս անյստակութիւն կայ, եւ սեղանի վրայ դրուած շարք մը դիրքորոշումներ կան: Հազիւ չորս օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ քննարկումներ կատարեցի: Ամերիկեան կողմին մօտ կան բանակցութիւնները շարունակելու հարցին...

Թեքսասի Մէջ Ողողումներու  Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ

Թեքսասի Մէջ Ողողումներու Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ

Շաբաթավերջին Թեքսասի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած աղէտալի ողողումներու զոհերուն թիւը բարձրացաւ 100-ի, անոնց շարքին են գետի եզերքին բանակումի մասնակից 27 աղջնակներ եւ անոնց առաջնորդները: Ողողումներէն ամէնէն շատ վնասուած Քիր գաւառին մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 84-ի: Բանակումի մասնակից 10 աղջնակներու եւ անոնց առաջնորդին ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Մերձակայ գաւառներու մէջ առնուազն 17 զոհեր արձանագրուած են:

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի Շուրջ  Իրանի Հետ Բանակցութիւնները  Կը Գտնուին Եզրափակիչ Փուլի Մէջ»

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգները Կը Պահպանեն Իրանի Հետ Կապերը Եւ Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Հասնելու Յոյս Ունին»

Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն պահպանել Իրանի հետ կապերը եւ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու յոյս ունին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լիվիթ: «Իրանցիներու հետ գործարքի վերաբերեալ ուղղակի եւ անուղղակի կապերը կը պահպանուին», ըսած է Լիվիթ: Ան ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգները յոյս ունին Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու:  

Թրամփ. «Մենք Կազայի Շուրջ Համասի Հետ  Գործարքի Մը Շատ Մօտ Ենք»

Թրամփ. «Մենք Կազայի Շուրջ Համասի Հետ Գործարքի Մը Շատ Մօտ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ շատ լաւ առիթ գոյութիւն ունի այս շաբաթ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն մը կնքելու: Թրամփ լրագրողներուն նաեւ յայտնեց, որ այդպիսի համաձայնութիւնը կը նշանակէ, թէ կարելի է «պատանդներու նկատառելի թիւի մը» ազատ արձակումը ապահովել: «Իսրայէլի հետ կ՛աշխատինք շարք մը խնդիրներու վրայ, որոնցմէ է թերեւս Իրանի...

Էրտողան Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Էրտողան Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրողան յոյս յայտնած է, որ «Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի իրադարձութիւնները» անդառնալի վնաս չեն պատճառեր Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն: «Թուրքիան խոր դիւանագիտական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Ռուսիոյ հետ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք լարուածութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք», լրագրողներուն ըսած է Էրտողան` վերադառնալէն ետք Ազրպէյճանէն, ուր մասնակցած էր Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան...

Թրամփ. «ՊՐԻՔՍ»-ի Հակաամերիկեան Քաղաքականութեան  Միացածներուն Նկատմամբ Պիտի Կիրարկուի  10 Առ Հարիւրի Լրացուցիչ Մաքսային Տուրք»

Թրամփ. «ՊՐԻՔՍ»-ի Հակաամերիկեան Քաղաքականութեան Միացածներուն Նկատմամբ Պիտի Կիրարկուի 10 Առ Հարիւրի Լրացուցիչ Մաքսային Տուրք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ այն երկիրները, որոնք կը միանան ՊՐԻՔՍ դաշինքի «հակաամերիկեան քաղաքականութեան», պիտի բախին լրացուցիչ 10 առ հարիւրի մաքսային տուրքերու: «Այս քաղաքականութենէն բացառութիւններ պիտի չըլլան», «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Թրամփ: Ան, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ ի՛նչ նկատի ունի «հակաամերիկեան քաղաքականութիւն» ըսելով: ՊՐԻՔՍ-ի սկզբնական կազմը ձեւաւորուած է 2009 թուականին` ներառելով Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը...

Արաղչի Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Շրջանային Հարցեր

Արաղչի Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Շրջանային Հարցեր

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրազիլի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչուած բանակցային հոլովոյթը: Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիան շրջանի բոլոր հարցերը դիւանագիտական ճամբով լուծելու կողմնակիցն է եւ որեւէ...

Փեզեշքիան. «Իսրայէլ Դէմս Կազմակերպած Է  Մահափորձ Մը, Որ Ձախողած Է»

Փեզեշքիան. «Իսրայէլ Դէմս Կազմակերպած Է Մահափորձ Մը, Որ Ձախողած Է»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները փորձած են մահափորձ կատարել իր դէմ, սակայն անիկա ձախողած է: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Այո՛, անոնք փորձած են, սակայն ձախողած են», ըսած է Փեզեշքիան` ամերիկացի լրագրող Թաքեր Քարլսընի հետ հարցազրոյցի ընթացքին համապատասխան հարցումին պատասխանելով: Իրանի նախագահը աւելցուցած է, որ մահափորձը կատարուած է շուրջ մէկուկէս շաբաթ առաջ, եւ նշած, որ...

Մասք Միացեալ Նահանգներու Ընտրական  Յանձնախումբին Ներկայացուցած Է «Ամերիկա»  Կուսակցութիւնը Արձանագրելու Փաստաթուղթերը

Մասք Միացեալ Նահանգներու Ընտրական Յանձնախումբին Ներկայացուցած Է «Ամերիկա» Կուսակցութիւնը Արձանագրելու Փաստաթուղթերը

Ամերիկացի գործարար եւ միլիառատէր Իլոն Մասք Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբին ներկայացուցած է «Ամերիկա» քաղաքական կուսակցութիւնը արձանագրելու դիմումը: Համապատասխան փաստաթուղթը տեղադրուած է գործակալութեան կայքին վրայ: Դիմումին համաձայն, կուսակցութիւնը պիտի կոչուի «Ամերիկա»: Դիմումը ուղարկուած է 6 յուլիսին: Անիկա ներկայիս Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբի դիմումներու եւ յայտարարութիւններու արձանագրման մատեանին մէջ նշուած է իբրեւ «չմշակուած»:  

Թրամփ Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններուն Մասնակցելու

Թրամփ Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններուն Մասնակցելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն` վստահեցնելով, որ Ուաշինկթըն չի ձգտիր հետագայ վնաս հասցնել Թեհրանին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իրան կ՛ուզէ խօսիլ: Կը կարծեմ` անոնք կ՛ուզեն ինծի հետ խօսիլ, եւ ատոր ժամանակը եկած է», յայտարարած է Թրամփ` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: «Կը կարծեմ` անոնք կ՛ուզեն հանդիպիլ:...

Թրամփի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Փութին. «Մոսկուան Չի Պատրաստուիր Նահանջել  Ուքրանիոյ Մէջ Իր Նպատակներէն»

Թրամփի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Փութին. «Մոսկուան Չի Պատրաստուիր Նահանջել Ուքրանիոյ Մէջ Իր Նպատակներէն»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Մոսկուան չի պատրաստուիր նահանջել Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակներէն, սակայն տակաւին հետաքրքրուած է տագնապին բանակցային լուծումով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքով: Ըստ անոր, զրոյցը եղած է լայնածաւալ, եւ Թրամփ արծարծած է պատերազմի կարելի եղածին չափ...

Շնորհաւորելով Ռուպիոն`  Լաւրով. «Յոյսով Եմ, Որ Համատեղ Ջանքերու Շնորհիւ  Մեր Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւնները  Ձեռք Կը Բերեն Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ  Հիմնուած Դրական Կայունութիւն»

Շնորհաւորելով Ռուպիոն` Լաւրով. «Յոյսով Եմ, Որ Համատեղ Ջանքերու Շնորհիւ Մեր Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւնները Ձեռք Կը Բերեն Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Դրական Կայունութիւն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին յղած է շնորհաւորական նամակ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Լաւրով իր նամակին մէջ գրած է. «Կը խնդրեմ իմ անկեղծ շնորհաւորանքները փոխանցել ամերիկացի ժողովուրդին Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնի` Անկախութեան օրուան առիթով, Ռուսիոյ աջակցութիւնը յայտնել անոր միասնութեան ձգտումներուն եւ ամերիկեան...

«Իրանի Դէմ Գործողութիւնը Աւարտեցաւ,  Սակայն Ճակատամարտը Չաւարտեցաւ»  Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը

«Իրանի Դէմ Գործողութիւնը Աւարտեցաւ, Սակայն Ճակատամարտը Չաւարտեցաւ» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց. «Եթէ Իրանի դէմ չշարժէինք, ապագային անհամեմատելի սուղ գին մը պիտի վճարէինք»: «Իրանի դէմ գործողութիւնը աւարտեցաւ, սակայն ճակատամարտը չաւարտեցաւ, եւ մեր աչքին առջեւ կը դնենք գերիները վերադարձնելու մեր պարտաւորութիւնը», նշեց Զամիր:

Թրամփ. «Իրանցիները Ինծի Տեղեկացուցին,  Թէ Կ՛ուզեն Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ 14 Կրակոց  Կատարել. Հարցը Նախապէս Ինծի Հետ Համակարգեցին,  Եւ Ես Անոր Համաձայնութիւնս Տուի»

Թրամփ. «Իրանցիները Ինծի Տեղեկացուցին, Թէ Կ՛ուզեն Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ 14 Կրակոց Կատարել. Հարցը Նախապէս Ինծի Հետ Համակարգեցին, Եւ Ես Անոր Համաձայնութիւնս Տուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանցիները ինծի տեղեկացուցին, թէ կ՛ուզեն ամերիկեան ուժերուն վրայ 14 կրակոց կատարել. հարցը նախապէս ինծի հետ համակարգեցին, եւ ես անոր համաձայնութիւնս տուի»: «Իրանի մէջ մեր ծրագրած բոլոր թիրախները ամբողջութեամբ կործանեցինք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Քաթարի մէջ օդուժի ռազմակայանը դատարկեցինք նախքան Իրանի զայն ռմբակոծելու սկսիլը, եւ Քաթարը իրապէս մեզի հետ շատ հոյակապ կերպով վարուեցաւ», ըսաւ Թրամփ:...

Ռուպիօ. «Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններուն  Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրելու Միակ Ուղին  Թրամփի Եւ Փութինի Անձնական Հանդիպումն Է»

Ռուպիօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Իր Սուրիացի Պաշտօնակիցին Հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Դամասկոսի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերացումն ու Սուրիոյ վերաբերեալ արտակարգ դրութեան ջնջումը»: «Ռուպիօ իր սուրիացի պաշտօնակիցին յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ ահաբեկչական որակաւորումները վերատեսութեան ենթարկելու համար այլ քայլեր պիտի քննարկէ», նշեց նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան...

Ռուսիան Դարձաւ Թալեպաններու Պետութիւնը  Ճանչցող Առաջին Պետութիւնը

Ռուսիան Դարձաւ Թալեպաններու Պետութիւնը Ճանչցող Առաջին Պետութիւնը

Ռուսիան պաշտօնապէս ճանչցած է թալեպաններու պետութիւնը` Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Տմիթրի Ժիրնով յայտարարած է, թէ համապատասխան որոշումը տուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի առաջարկով, եւ անիկա «ցոյց կու տայ Ռուսիոյ երկխօսութիւն հաստատելու ձգտումը»: Ռուսիան այսպիսով դարձաւ առաջին պետութիւնը, որ 2021...

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Ժրաջանօրէն Կ՛աշխատի  Կազայի Վայրագ Պատերազմին Վերջ Տալու»

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Ժրաջանօրէն Կ՛աշխատի Կազայի Վայրագ Պատերազմին Վերջ Տալու»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ժրաջանօրէն կ՛աշխատի Կազայի վայրագ պատերազմին վերջ տալու եւ բոլոր գերիները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու»: Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ Իսրայէլ ընդունած է Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադար հաստատելու իր առաջարկը` նշելով, որ Եգիպտոսն ու Քաթարը աշխատանք պիտի տանին այս առաջարկի տարազը վերջնականացնելու: Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի...

Իսրայէլ-Ռուսիա Դիւանագիտական  Գաղտնի Երկխօսութիւն

Իսրայէլ-Ռուսիա Դիւանագիտական Գաղտնի Երկխօսութիւն

Իսրայէլ Ռուսիոյ հետ Իրանի հիւլէական թղթածրարին եւ Սուրիոյ հարցին շուրջ բարձր մակարդակով դիւանագիտական գաղտնի երկխօսութիւն մը կը կատարէ: Այս մասին հաղորդեց Իսրայէլի պետական «Քան 11» պատկերասփիւռի կայանը: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկխօսութիւնը սկսած է Իրանի հետ զինադադարի հաստատումէն շուրջ մէկ շաբաթ ետք, Մոսկուան ինքզինք իբրեւ միջնորդ առաջադրելէն ետք: Կը նշուի, որ Իսրայէլ ռուսական կողմին հետ հաղորդակցութեան կապեր կը պահպանէ` Իրանի...

«Թուրքիան Իրմէ Պահանջուածը Չգործադրեց»  Կ՛ըսէ ՔԱԿ-ը

«Թուրքիան Իրմէ Պահանջուածը Չգործադրեց» Կ՛ըսէ ՔԱԿ-ը

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ), որ շուրջ 40 տարի Անգարայի դէմ զինեալ պայքար մղելէ ետք ինքնալուծարուելու եւ զինեալ պայքարէն հրաժարելու յանձնառութիւն ստանձնեց, յայտարարեց, որ Թուրքիան այս առումով իրմէ պահանջուածը չգործադրեց: ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Մուսթաֆա Քարասու կուսակցութեան մօտիկ եղող «Մետիա Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք պատրաստ ենք, սակայն թրքական կառավարութիւնը հոլովոյթը կատարելու անհրաժեշտ քայլերը չորդեգրեց»: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, զինաթափման...

Page 80 of 882 1 … 79 80 81 … 882

Արխիւներ