Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Իսրայէլ նախապէս իրանցի հիւլէական գիտնականներ սպաննեց, «սակայն ոչ այն մեծ գիտնականներուն նման, որոնք վերջին պատերազմին սպաննուեցան»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Իրանը հսկողութեան տակ պահել: Նեթանիահու աւելցուց, որ իրանեան վարչակարգը «մեծ խնդիրի մէջ է»` նշելով. «Իսրայէլ Իրանի վրայ մեծ յաղթանակ արձանագրեց, եւ ատիկա կրնայ հոյակապ բարգաւաճում յառաջացնել»: Իսրայէլի վարչապետը նաեւ նշեց,...




















