Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդունելով Արաղչին` «Կը Վերահաստատենք Տարակարծութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտութեան Ճամբով Երկխօսութեան Զօրակցող Սէուտական Արաբիոյ Դիրքորոշումը» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

July 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ իշխանը Ժետտայի Սալամ պալատի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Այս մասին հաղորդեց Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու «եղբայրական» երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ քննարկուած են շրջանային կացութիւնն ու անոր նկատմամբ թափուող ջանքերը:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը յայտնած է, թէ թագաւորութիւնը կ՛ակնկալէ, որ զինադադարի համաձայնութիւնը նպաստէ շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման պայմաններու պատրաստման` վերահաստատելով  տարակարծութիւններու լուծման համար դիւանագիտութեան ճամբով երկխօսութեան զօրակցող Սէուտական Արաբիոյ դիրքորոշումը:

Արաղչի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ` իսրայէլեան յարձակումը դատապարտող կեցուածքին համար եւ գնահատած «գահաժառանգին շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար ջանքերն ու աշխատանքը»:

Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ներկայ եղած են Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման իշխանը, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը եւ պետական նախարար, ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մուսայիտ Պըն Մոհամետ Ալիպանը:

Նախորդը

Օճալան. «Թուրքիոյ Դէմ Զինեալ Պայքարը Վերջ Գտաւ, Եւ Կուսակցութեան Զինաթափումը Արագ Տեղի Պիտի Ունենայ»

Յաջորդը

Հարաւային Ֆրանսայի Անտառային Հրդեհը Հասաւ Մարսէյ. Քաթալոնիա Բնակչութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Տուներէն Դուրս Չգալու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.