Սուրիոյ կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կառչած կը մնայ «մէկ Սուրիա, մէկ բանակ, մէկ կառավարութիւն» սկզբունքին»:
«Կ՛ողջունենք (Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ Դամասկոսի մէջ ժողովներէ ետք) Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն սուրիացի զինեալներու սահմանադրութեան եւ օրինականութեան ծիրին մէջ Սուրիական բանակի շարքերուն միանալը», նշեց կառավարութիւնը:
«Կ՛ողջունենք որեւէ երթ, որ կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ հողերու ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը», նշեց սուրիական կառավարութիւնը` շեշտելով. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք որեւէ ձեւի մասնատման կամ դաշնակցային դրութիւն, որ կը հակասէ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»:
Սուրիոյ կառավարութիւնը նաեւ նշեց. «Կը հասկնանք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն մէջ կողմերու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ կը զգուշացնենք, թէ համաձայնութիւններու գործադրման ուշացումը ազգային շահերուն չի ծառայեր, ինչպէս նաւ կ՛ընդգծենք պետական պաշտօնական հաստատութիւններու երկրի հիւսիսի-արեւելք վերադարձի անհրաժեշտութիւնը»:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի գիշեր Հոմսի գիւղական շրջանի Մազրաա գիւղին մէջ ցոյց տեղի ունեցած է` իբրեւ բողոք շիի համայնքի հոգեւորականներէն շէյխ Ռասուլ Շահուտի ահաբեկման դէմ: Վերջինս Ուահեր թաղամասէն վերադարձի ընթացքին ուղղակի կրակոցի ենթարկուելով տեղն ու տեղը մահացած էր:
Ցոյցի ընթացքին ապահովական խիստ քայլեր որդեգրուած են:
Հոմսի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ լարուածութիւնը հետզհետէ մագլցում կ՛արձանագրէ` նշեալ դէպքին նկատմամբ ապահովական ուժերու վարմունքին պատճառով: Շրջանի բնակչութիւնը կ՛ամբաստանէ, թէ ահաբեկման գործողութեան ենթահողը կը թաքցուի եւ իբրեւ քրէական ոճիր կը ներկայացուի:


