Իսրայէլ կրկին պիտի հարուածէ Իրանը, եթէ Թեհրանի կողմէ սպառնալիքի ենթարկուի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց:
«Իսրայէլի երկար ձեռքը ձեզի պիտի հասնի Թեհրանի, Թաւրիզի, Իսֆահանի մէջ եւ ամէնուր, ուր դուք պիտի փորձէք սպառնալ կամ վնասել Իսրայէլին: Պահուըտելու տեղ չկայ», ըսած է Քաց` իսրայէլեան օդուժի ուսանող սպաներու աւարտական արարողութեան ժամանակ:
«Եթէ մենք ստիպուած ըլլանք վերադառնալ, մենք ատիկա աւելի մեծ ուժով պիտի ընենք», ընդգծած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը: