Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալալամփուրի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԻԱՆ-ի կազմակերպած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպում մը:
Ռուպիօ հանդիպումի աւարտին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են յստակ ծրագիրով մը` վերջ տալու համար Ուքրանիոյ մէջ տագնապին, եւ հինգշաբթի օր այդ առնչութեամբ առաջարկներ պիտի ներկայացուին (Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփին»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին շուրջ «անկեղծ զրոյց մը» ունեցած են:
«Անկեղծ զրոյց տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ կացութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային շարք մը այլ հարցերու շուրջ», նշեց նախարարութիւնը:
«Ընդգծուեցաւ փոխադարձ փափաքը վերականգնելու Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը», աւելցուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: