Միջազգային

Սուէյտայի Մերձակայքին Մէջ Բախումներ

Սուէյտայի Մերձակայքին Մէջ Բախումներ

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նուրէտտին Պապա յայտնած է, թէ Սուէյտա նահանգին մէջ մինչեւ հիմա ապահովական ուժերու շարժում կամ տեղակայում չկայ, իսկ նախարարութեան ուժերը «բնական պատրաստ վիճակի մէջ են»: Նախքան այդ, ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Ապահովական ուժերը կը պատրաստուին վերատեղակայուելու Սուէյտա քաղաքին մէջ` տիւրզիներու եւ պետեւիներու միջեւ բախումները դադրեցնելու համար»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը...

ՄԱԿ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն  Շուրջ Շտապ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ

ՄԱԿ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն Շուրջ Շտապ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքի հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Վոլքըր Թուրք վերջին օրերուն Սուրիոյ հարաւին մէջ տեղի ունեցած եւ շուրջ 600 զոհ պատճառած բռնարարքներուն շուրջ շտապ հետաքննութիւն յայտարարեց: «Պէտք է արիւնահեղութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնել, եւ բոլոր անձերուն պաշտպանութիւնը պէտք է բացարձակ առաջնահերթութիւն ըլլայ: Պէտք է բոլոր բռնարարքներուն շուրջ անկախ, արագ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարուի, եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկուին», ըսաւ Թուրք:  

«Կազայի Մէջ Համաձայնութիւնը  Աւելի Մօտ Է, Քան Երբեւէ»  Կ՛ըսէ Գերիներու Հարցով  Ամերիկացի Պատուիրակը

«Կազայի Մէջ Համաձայնութիւնը Աւելի Մօտ Է, Քան Երբեւէ» Կ՛ըսէ Գերիներու Հարցով Ամերիկացի Պատուիրակը

Գերիներու հարցով ամերիկացի պատուիրակ Ատըմ Պոլըր յայտարարեց. «Կազայի մէջ համաձայնութեան գոյացումը աւելի մօտ է, քան երբեւէ»: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ» կայքը: «Համաս չափազանց յամառ է եւ տակաւին կը տոկայ», նշեց ան: Նախքան այդ, ամերիկեան եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ միջնորդները Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին ներկայացուցած են գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի արդիականացուած առաջարկ մը, եւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ քաթարական-ամերիկեան բանակցութիւններ...

Արաղչի. «Ճնշումի Եւ Սպառնալիքի Տակ  Պիտի Չբանակցինք, Եւ Բանակցութիւնը  Բռնածաղրէն Ու Ցուցմունքներու  Պարտադրումէն Տարբեր Է»

Արաղչի. «Նոր Բանակցութիւններ Կարելի Է Վարել Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Միւս Կողմը Պատրաստ Է Արդար Եւ Հաւասարակշռուած Հիւլէական Համաձայնութեան Մը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Եւրոպական կարգ մը պետութիւններու Իսրայէլի թշնամական արարքներուն զօրակցող կեցուածքները շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ անապահովութեան յաւելումի կ՛առաջնորդեն»: «Կազայի մէջ ցեղասպանութեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակութիւնը Իսրայէլի անպատիժ մնալուն հետեւանքներն են», նշեց Արաղչի: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Նոր բանակցութիւնները կարելի է վարել այն ժամանակ միայն, երբ միւս կողմը պատրաստ է արդար եւ...

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան  Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն  Յանձնումը Յայտարարեց

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն Յանձնումը Յայտարարեց

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Սուրիացիները իրենց երկար պատմութեան ընթացքին մերժեցին ամէն տեսակի մասնատումը»` աւելցնելով. «Մենք այս հողին զաւակներն ենք եւ ամէնէն կարողը շրջանցելու մեզ պառակտելու իսրայէլեան գոյացութեան փորձերը: Սուրիացի ժողովուրդը պատրաստ է կռուելու իր արժանապատուութեան համար, եթէ որեւէ վտանգի ենթարկուի»: «Որոշեցինք Սուէյտայի մէջ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը յանձնել տեղական զինեալ խմբաւորումներուն եւ շէյխերուն», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահը: «Սուրիան արտաքին...

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը  «Դէպի Քիւրտ Եղբայրներ» Ճամբայի Եւ Սուէյտայի  Եւ Յորդանանի Միջեւ Սահմանային  Անցակէտի Մը Բացումը Կը Պահանջէ

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը «Դէպի Քիւրտ Եղբայրներ» Ճամբայի Եւ Սուէյտայի Եւ Յորդանանի Միջեւ Սահմանային Անցակէտի Մը Բացումը Կը Պահանջէ

Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավարութիւնը, որուն ղեկավարը շէյխ Հիքմեթ Հըժրին է, յայտարարեց, որ անզէն քաղաքայիններու վրայ յարձակում գործուած է, եւ անմեղներ վայրագօրէն սպաննուած են` նշելով, որ այդպիսի արարքներ կը գործեն միայն անգութները եւ մարդկայնականութենէ զուրկ եղողները: «Սուէյտան ահաբեկիչներու ապականութենէն մաքրելէ ետք զայն կը յայտարարենք աղէտեալ շրջան մը, որ ծանրաբեռնուած է վէրքերով եւ ընդհանուր սուգով` մեր անմեղ նահատակներու հոգիներուն համար», նշեց...

Զախարովա. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ  «Կամաւորներու Դաշինք» Բազմազգ Ուժերու Ստեղծման Գաղափարը Իբրեւ Ներխուժման  Ծրագիր Կ՛ընկալէ»

Զախարովա. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ «Կամաւորներու Դաշինք» Բազմազգ Ուժերու Ստեղծման Գաղափարը Իբրեւ Ներխուժման Ծրագիր Կ՛ընկալէ»

Ռուսիան «կամաւորներու դաշինք» բազմազգ ուժերու ստեղծման գաղափարը կ՛ընկալէ իբրեւ ներխուժման ծրագիր եւ Ուքրանիոյ մէջ համապատասխան կազմաւորումները պիտի դիտարկէ իբրեւ օրինական թիրախ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ այլ պետութիւններու զինեալ ուժերու որեւէ դրօշի տակ տեղակայումը բացարձակապէս անընդունելի է: Մենք ատիկա կը նկատենք արտաքին միջամտութեան նախապատրաստութիւն», ըսած է Զախարովա: Միւս կողմէ,...

Միացեալ Նահանգներն Ու Պահրէյնը Քաղաքային  Հիւլէական Ուժանիւթի Վերաբերեալ  Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Միացեալ Նահանգներն Ու Պահրէյնը Քաղաքային Հիւլէական Ուժանիւթի Վերաբերեալ Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Միացեալ Նահանգներն ու Պահրէյնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Արաբական ծոցի պետութեան գահաժառանգի չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քաղաքային հիւլէական ուժանիւթի վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր պահրէյնցի պաշտօնակից Ապտելլաթիֆ պըն Ռաշետ Զայանիի հետ փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ համաձայնագիրը ցոյց կու տայ...

Կութիերես. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Բաւարար Չէ,  Պաղեստինցիները Պէտք Է Պետութիւն Ունենան»

Կութիերես. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Բաւարար Չէ, Պաղեստինցիները Պէտք Է Պետութիւն Ունենան»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նշեց, թէ Կազայի մէջ զինադադարը բաւարար չէ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է, որ պաղեստինցիները պետութիւն ունենան: Ան Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ զինադադարը առանձինը բաւարար չէ, եւ պաղեստինցիները իսրայէլացիներուն նման պէտք է ունենան սեփական պետութիւն, ուր իրենց իրաւունքները կը կիրարկեն: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Կազայի մէջ քանդումի եւ կեանքի կորուստներու մակարդակը «արդի պատմութեան...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք` Իսրայէլի  Զէնքի Մատակարարումը Արգիլելու Եւ Զայն ՄԱԿ-էն Վտարելու»

Պաղայի. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններու Թուական Կամ Վայր Չէ Ճշդուած»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ մինչեւ հիմա Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ հիւլէական ծրագիրի քննարկման համար «թուական չէ ճշդուած»: Պաղայի այդ առնչութեամբ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով նշեց. «Մինչեւ հիման այս հարցով թուական կամ որոշ վայր չէ ճշդուած»: Արաղչի եւ Ուիթքոֆ ապրիլէն ի վեր 5 փուլով բանակցութիւններ վարած են, նախքան Իսրայէլի...

«Բանակը Կը Շարունակէ Հակադարձել  Սուէյտայի Մէջ Կրակոցի Աղբիւրներուն»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Բանակը Կը Շարունակէ Հակադարձել Սուէյտայի Մէջ Կրակոցի Աղբիւրներուն» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը նշեց. «Սուէյտա քաղաքի հեղինակներուն եւ երեւելիներու հետ զինադադարի համաձայնութիւն կնքելէ ետք, օրինազանց ուժերը քաղաքին մէջ վերստին յարձակում գործեցին բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ: Նախկին հաղորդագրութիւններուն մէջ շեշտեցինք, թէ բանակի ուժերը իրաւունք ունին կրակոցի աղբիւրներուն հակադարձելու»: Տեղեկատուութեան գրասենեակը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Բանակի ուժերը կը շարունակեն հակադարձել Սուէյտա քաղաքին մէջ կրակոցի աղբիւրներուն` բնակիչները պաշտպանելու,...

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

Արեւմուտքը Իրանին Մինչեւ Օգոստոսի Վերջը Հիւլէական Համաձայնագիրին Շուրջ Համաձայնութիւն Կնքելու Պայմանաժամ Ճշդած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են օգոստոսի վերջը սահմանել իբրեւ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու վերջնաժամկէտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներու: Ամերիկեան կայքը կը նշէ, որ եթէ մինչեւ այդ թուականը համաձայնութեան չհասնին, երեք եւրոպական պետութիւնները կը նախատեսեն գործարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Խօսելու Աճապարուած Չեմ»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Խօսելու Աճապարուած Չեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանցիները կ՛ուզեն մեզի հետ հաղորդակցիլ: Քանդեցինք անոնց հիւլէական վայրերը, որոնք այժմ անգործածելի դարձած են»: «Իրանի հետ խօսելու աճապարուած չեմ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Իսրայէլ լաւ պիտի ըլլայ, եւ միասնաբար ազդեցիկ յաղթանակ մը արձանագրեցինք», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Ուքրանիոյ տագնապին` Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց. «Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խաղաղութիւն կ՛ուզէ, եւ ատիկա կրնայ...

Թրամփ. «Ես Հիասթափուած Եմ Փութինէն,  Սակայն Տակաւին Չեմ Աւարտած Անոր Հետ Գործը»

Թրամփ. «Ես Հիասթափուած Եմ Փութինէն, Սակայն Տակաւին Չեմ Աւարտած Անոր Հետ Գործը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հիասթափուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, սակայն «տակաւին չէ աւարտած անոր հետ գործը»: Ան միեւնոյն ժամանակ բացայայտած է, որ չորս անգամ մտածած է, որ կրնայ Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր կնքուիլ, սակայն ատիկա ի վերջոյ տեղի չէ ունեցած: «Ես հիասթափուած եմ անկէ, սակայն տակաւին չեմ աւարտած անոր հետ գործը: Սակայն հիասթափուած եմ», «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ...

Սուէյտայի Մէջ Զինադադար  Եւ Իսրայէլեան Ռմբակոծում

Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Եւ Իսրայէլեան Ռմբակոծում

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Մըրհեֆ Ապու Քասրա «Էքս» կայքին վրայ գրառում կատարելով Սուէյտա քաղաքին մէջ ամբողջական զինադադար յայտարարեց` նշելով, որ հակադարձութիւնը միայն կրակոցի աղբիւրներուն կամ օրինազանց խմբաւորումներուն կողմէ ուղղակի կրակոցի պարագային պիտի ըլլայ: Քասրա ոստիկանական եւ զինուորական ուժերուն ցուցմունք տուաւ քաղաքին մէջ տեղակայուելու սկսելու` զսպելու համար զինուորական վարմունքը եւ հաշուետուութեան ենթարկելու ապահովական առաքելութեան գործադրութեան ընթացքին որեւէ ոտնձգութիւն: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Սուրիոյ Մէջ Թիրախներու Հարուածը Սուրիական Վարչակարգին Յստակ Զգուշացում Է. Իսրայէլ Տիւրզիներուն Վնաս Հասցուիլը Պիտի Չարտօնէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց, ու Սուրիոյ մէջ թիրախներու հարուածը սուրիական վարչակարգին յստակ զգուշացում է: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն վնաս հասցուիլը պիտի չարտօնէ: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի իր կարգին յայտնեց, թէ իսրայէլեան բանակը Սիժին եւ Սամիհ շրջաններուն միջեւ նշմարած է շարք մը հրասայլեր, որոնք դէպի հարաւային Սուրիոյ մէջ Սուէյտայի շրջան կ՛ուղղուէին, ուստի անոնց վրայ...

Վելայեթի. «Թեհրան Ուաշինկթընի Հետ  Պիտի Չբանակցի, Եթէ Վերջինս Իւրանիոմի  Հարստացումի Դադրեցման Վրայ Պնդէ»

Վելայեթի. «Թեհրան Ուաշինկթընի Հետ Պիտի Չբանակցի, Եթէ Վերջինս Իւրանիոմի Հարստացումի Դադրեցման Վրայ Պնդէ»

Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատու Ալի Աքպար Վելայեթի յայտնեց, թէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի չունենան, եթէ Միացեալ Նահանգներ իւրանիոմի հարստացման դադրեցման իրենց պահանջին վրայ պնդեն: Այս մասին հաղորդեցին իրանեան պետական լրատուամիջոցները: Վելայեթի Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուայի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Եթէ բանակցութիւնները հարստացումը դադրեցնելու պայմանով են, ապա անոնք հաստատաբար տեղի պիտի չունենան»:

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Ուքրանիա ուղարկել յաւելեալ զէնքեր, որոնք կը ներառեն «Փաթրիոթ» համակարգերու հրթիռներ, եւ անոնց գինը Եւրոպական Միութիւնը պիտի վճարէ»: «Անոնց զինուորական արդիական սարքերու տարբեր տեսակներ պիտի ուղարկենք, եւ անոնց գինը ամբողջութեամբ պիտի վճարեն», աւելցուց ան: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յոյս յայտնեց յառաջիկայ շաբաթ Կազայի շուրջ համաձայնութեան հասնելու: «Կազայի հարցով մեր բանակցութիւնները կը...

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ հարաւը գտնուող Սուէյտայի մէջ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումները 30 զոհ եւ 100 վիրաւոր պատճառեցին»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Ապահովական ուժերը պիտի սկսին Սուէյտայի մէջ ուղղակի միջամտութիւն կատարելու` լուծելու համար տագնապը եւ դադրեցնելու բախումները»: Ըստ «Սուէյտա 24»-ի, բախումները սկսած են Դամասկոսի ճամբուն վրայ Սուէյտա քաղաքի վաճառականներէն մէկը գողութեան ենթարկելով, որմէ ետք նահանգին մէջ տեղի ունեցած են...

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիան 50 օրուան ընթացքին Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու համաձայութեան չհասնի, Ուաշինկթըն Մոսկուայի եւ անոր առեւտրական գործընկերներուն դէմ «շատ խիստ»` մինչեւ 100 առ հարիւրի հասնող մաքսատուրքեր պիտի հաստատէ: Ան այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տան ձուաձեւ գրասենեակին մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ հանդիպումի ընթացքին:  

Page 78 of 882 1 … 77 78 79 … 882

Արխիւներ