Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Երկրորդ Օրն Ըլլալով Հանդիպում Ունեցաւ Թրամփի Հետ

July 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ առաւօտեան այցելեց Սպիտակ տուն, ուր երկրորդ օրն ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Նեթանիահու հանդիպումէն ետք «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով ըսաւ, թէ Թրամփի հետ իր ժողովը կեդրոնացած է Կազայի մէջ պահուող գերիներու ազատ արձակման ջանքերուն վրայ` շեշտելով, որ վճռակամ է վերջ տալու պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական եւ վարչական կարողութիւններուն:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտնեց, թէ Սպիտակ տան ղեկավարին հետ առաջին հանդիպումէն նուազ քան 24 ժամ ետք գումարուած երկրորդ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «Իրանի վրայ արձանագրուած մեծ յաղթանակ»-ի արդիւնքներն ու ընձեռած կարելիութիւնները:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Թրամփ հանդիպումի ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար մեծ ճնշումներ գործադրած է Նեթանիահուի վրայ:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է. «Թրամփ Նեթանիահուին ըսաւ, որ բացառապէս Կազայի մասին պիտի խօսին, եւ պէտք է լուծել այդ հարցը, որովհետեւ Կազայի կացութիւնը ողբերգական է»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումը տեւած է 90 վայրկեան եւ անոր մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանս:

Իսրայէլի վարչապետը աւելի ուշ ամերիկեան «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը խօսինք 60 օր տեւողութեամբ զինադադարի մասին, որուն ընթացքին ողջ եւ մահացած գերիներու կէսը պիտի վերադարձուի»:

«Գոյութիւն ունի 60-օրեայ զինադադարի հաստատման լաւ առիթ մը, ինչ որ մեզ մեր նպատակներու իրագործման կը մօտեցնէ», նշեց Նեթանիահու:

 

 

 

Նախորդը

Հարաւային Ֆրանսայի Անտառային Հրդեհը Հասաւ Մարսէյ. Քաթալոնիա Բնակչութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Տուներէն Դուրս Չգալու

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.