Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսը Որդեգրեց Թրամփի Վարչակազմին Մշակած «Մեծ Եւ Գեղեցիկ Օրէնք»-ը

July 11, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը, հետեւելով Ծերակոյտի օրինակին, որդեգրած է պետական ծախսերու մասին օրինագիծը, որ մշակուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին նախաձեռնութեամբ եւ կը նախատեսէ հարկերու կրճատում եւ պարտքի առաստաղի բարձրացում:

Օրինագիծին աջակցած են Ներկայացուցիչներու տան 218 անդամներ, դէմ քուէարկած են 214-ը, ներառեալ երկու հանրապետականներ:

Փաստաթուղթը, զոր Թրամփ կը կոչէ «մեծ եւ գեղեցիկ օրինագիծ», կը նախատեսէ շարք մը ոլորտներու մէջ տուրքերու եւ պետական ծախսերու զգալի կրճատում: Միեւնոյն ժամանակ, կ՛ենթադրէ պաշտպանութեան ծախսերու յաւելում, մասնաւորաբար` «Ոսկիէ գմբեթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի ստեղծում: Բացի ատկէ, անիկա կը ներառէ սահմանային վերահսկողութեան խստացման քայլեր, ինչպէս նաեւ կը նախատեսէ այս ոլորտին մէջ ծախսերու յաւելում:

Թէ՛ Ծերակոյտին մէջ, թէ՛ ալ Ներկայացուցիչներու տան մէջ փաստաթուղթի քննարկումը տեւած է ամբողջ գիշեր, որովհետեւ քանի մը քոնկրեսականներ կտրականապէս դէմ կ՛արտայայտուէին այդ օրէնքին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ամերիկայի անկախութեան տարեդարձին առիթով չկայ աւելի լաւ նուէր, քան այն յաղթանակը, որ ժամեր առաջ արձանագրեցինք Քոնկրեսի հարկային օրինակիծը վաւերացնելով»:

«Ժողովուրդը մեզի պատմական լիազօրութիւն տուաւ հարկերը նուազեցնելու, գումարները վերստանալու եւ ապօրինի գաղթականներու ներխուժումը դադրեցնելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քոնկրեսին որդեգրած օրինագիծը Ամերիկայի պատմութեան մէջ տուրքերու եւ կառավարական ծախսերու մեծագոյն նուազեցում կը ներառէ»:

«Քոնկրեսին որդեգրած օրինագիծը կառավարական ծախսերը 1,5 եռիլիոն տոլարով կը նուազեցնէ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Դեմոկրատականները մեծ եւ գեղեցիկ օրինագիծին դէմ քուէարկեցին, որովհետեւ զիս կ՛ատեն, ես ալ զիրենք կ՛ատեմ»:

«Մեր երկիրը մահանալու եզրին էր, եւ այսօր տնտեսութիւնը կը բարելաւուի, ամսականները կը բարձրանան եւ գիները կը նուազին», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Քոնկրեսին որդեգրած օրինագիծը աւելի քան երկու միլիոն ընտանեկան ագարակներ կ՛ազատէ կալուածի տուրքէն կամ մահուան տուրքէն»:

 

 

 

Նախորդը

Թեհրան Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Փոխհատուցել Իրանեան Հիւլէական Կայաններուն Հասցուցած Վնասները

Յաջորդը

Փենթակոնը Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Եւ Այլ Զինեալ Խմբաւորումներու Աջակցելու Համար Գումարներ Կը Խնդրէ

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.