Հնագէտները Քրիստոսի Գերեզմանը Բացած Են
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ հինգ հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հնագէտները բացած են Քրիստոսի գերեզմանը: Անոնք կ՛ուզեն վերանորոգել գերեզմանը եւ այդտեղ որոշ գիտական հետազօտութիւններ կատարել: Մարմարէ սալիկին բացումը գիտնականներուն պիտի արտօնէ ուսումնասիրել գերեզմանին մէջ գտնուող այն քարը, որուն վրայ պառկած էր Քրիստոս: «Երկիր» կը նշէ, որ Քրիստոսի գերեզմանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ զայն վերանորոգելու արտօնութիւն տրուած է այս տարի...




















