Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցախոյզներու Համաձայն` Քլինթըն Յաղթանակ Պիտի Արձանագրէ Փենսիլվանիոյ Եւ Ֆլորիտայի Մէջ

October 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump_102816

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ըստ վերջին հարցախոյզներուն արդիւնքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն Փենսիլվանիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ բարձր վարկանիշ ունի:

Նշեալ երկու նահանգներն ու Օհայոն կը նկատուին Միացեալ Նահանգներու «տատանուող» նահանգները, որոնց ձայնը ընտրութիւններուն ժամանակ կրնայ որոշիչ ըլլալ:

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի եւ «Սիենա Քոլեճ Սըրվէյ»-ի հարցախոյզի տուեալներուն, Փենսիլվանիոյ մէջ Քլինթընի ի նպաստ պատրաստ է քուէարկելու հարցախոյզի մասնակիցներուն 46 առ հարիւրը, իսկ Թրամփի` 39 առ հարիւրը:

Ֆլորիտայի մէջ եւս Քլինթընին կ՛աջակցի հարցախոյզի մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը, իսկ Թրամփի` 39 առ հարիւրը: Ֆլորիտայի մէջ հարցախոյզը կատարուած է Ֆլորիտայի հիւսիսային համալսարանին կողմէ:

Միւս կողմէ, Թրամփ Օհայոյի մէջ իր համակիրներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ պէտք է դադրեցնել նախընտրական արշաւը եւ զինք ուղղակի նախագահ դարձնել:

«Տակաւին նոր մտքէս անցաւ, որ մենք պէտք է ջնջենք ընտրութիւնները եւ պաշտօնը տանք Թրամփին», ըսած է ան` նկատելով, որ իր մրցակիցին վարած քաղաքականութիւնը չափազանց վատ է:

«Էն.Պի.Սի.նիուզ» կայքը կը նկատէ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ հանրապետական թեկնածուն ընտրութիւններուն վերաբերեալ այսպիսի տարօրինակ յայտարարութիւն կը կատարէ:

Ան նախապէս իր արտասանած ճառերուն ընթացքին ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրական համակարգը կը գործէ խարդախ կանոններով եւ իր դէմ ուղղուած է:

Մեկնելով այս բոլորէն` Թրամփ իր ընտրազանգուածին կոչ ուղղած է ուշադիր ըլլալու ընտրական կեդրոններուն մէջ եւ ահազանգելու իր դէմ ուղղուած խախտումներուն մասին:

 

Նախորդը

«Կիւլենը Թուրքիոյ Համար Նոյն Նշանակութիւնը Ունի, Ինչ Որ Պըն Լատենը Միացեալ Նահանգներու Համար» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Յաջորդը

Ռաքքայի Մէջ Սպասուող Ճակատամարտին Շուրջ Քիւրտերու Սուրիական Ընդդիմութեան Միջեւ Բանակցութիւննե՞ր

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.