Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիւլենը Թուրքիոյ Համար Նոյն Նշանակութիւնը Ունի, Ինչ Որ Պըն Լատենը Միացեալ Նահանգներու Համար» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

October 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bozdag_102816

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ երկրի ազգային հետախուզութեան կոմիտէի` ՄԻԹ-ի ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ նկատուող թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլեն կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներէն փախչելու այլ երկիր:

«Մենք ունինք տուեալներ, որոնց համաձայն, Կիւլեն կրնայ փախչիլ Քանատա, Պրազիլ, Պելճիքա, Նորվեկիա կամ այլ երրորդ երկիր մը, այս տեղեկութիւնները յայտնած ենք նաեւ մեր ամերիկացի գործընկերներուն», յայտարարած է նախարարը:

Պոզտաղ նաեւ ըսած է, որ Կիւլեն Թուրքիոյ համար ունի նոյն նշանակութիւնը, ինչ որ Ուսամա պըն Լատենը Միացեալ Նահանգներու համար:

«Ֆեթհուլլա Կիւլեն մեզի համար ունի նոյն նշանակութիւնը, ինչ որ Ուսամա պըն Լատենը Միացեալ Նահանգներու համար: Ի՞նչ պիտի զգար ամերիկացի ժողովուրդը, եթէ այդ ահաբեկիչները մահափորձ կատարէին նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր ընտանիքին դէմ, կամ եթէ Սպիտակ տունը ենթարկուէր հրթիռակոծութեան կամ յարձակումի ընթացքին սպաննուէր Միացեալ Նահանգներու 241 քաղաքացի, 2194-ն ալ վիրաւորուէր: Եւ եթէ այդքանէն ետք որեւէ երկիր, օրինակ` Թուրքիան, մերժէր ահաբեկիչները անոնց յանձնել: Եւ եթէ անիկա ըլլայ այն երկիրը, որուն դուք իբրեւ բարեկամ ընդունած էք: Ի՞նչ պիտի զգայիք», հարց տուած է ան:

Պոզտաղ անգամ մը եւս շեշտած է, որ եթէ Կիւլենի արտայանձնումը չկայանայ, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խիստ պիտի վատթարանան:

Ան Միացեալ Նահանգները յորդորած է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել կիւլենականներուն դէմ` նշելով. «Եթէ հիմա միջոցներու չձեռնարկէք, տասը տարի ետք չէք կրնար Միացեալ Նահանգներու մէջ կիւլենականներուն դէմ դնել»:

«Կիւլենականները նոր սերունդի ահաբեկչական խմբաւորում են», ընդգծած է ան:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը վերջերս Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր Կիւլենի արտայանձնումին հարցը դարձեալ քննարկելու նպատակով:

 

Նախորդը

Օթան Չ՛ուզեր Պաղ Պատերազմի Կրկնութիւնը

Յաջորդը

Հարցախոյզներու Համաձայն` Քլինթըն Յաղթանակ Պիտի Արձանագրէ Փենսիլվանիոյ Եւ Ֆլորիտայի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.