
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտել Ռահման «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներուն եւ քիւրտերուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Ռաքքայի մէջ սպասուող ճակատամարտին վերաբերեալ:
Ան նաեւ նշեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները տակաւին կը մերժեն այդ հարցը: Անոնք նախապայման ճշդած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ թրքական ռմբակոծումներու եւ յառաջխաղացքի դադրեցումը:
Ռաքքայէն աղբիւրներ իրենց կարգին «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեցին, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Ռաքքայի շուրջ տեսած զինուորական պատրաստութիւններուն կողքին տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ, որոնք կրնան առաջնորդել համաձայնութեան մը, որուն հիմամբ Ահրար Շամի եւ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու, ներառեալ Ռաքքայի բնակիչներու ջոկատները` իբրեւ մէկ ուժ Թել Ապիատի ճամբով եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու արտօնութեամբ մուտք պիտի գործեն Ռաքքա:
Նախատեսուած է, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ստանձնեն արեւմտեան ճակատը, իսկ ընդդիմադիր խմբաւորումները` հիւսիսի եւ արեւելքի ճակատները:
Աղբիւրները նշեցին, որ կը թուի, թէ քիւրտերը պիտի ընդունին այս առաջարկը, որովհետեւ զայն մերժելը զանոնք պիտի դնէ միաժամանակ երկու ճակատումի մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն դէմ:


