
Միացեալ Նահանգներու Մորթըն շրջանի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Հիւսիսային Տաքոթա նահանգին մէջ իրաւապահ մարմիններու եւ քարիւղի խողովակաշարի կառուցումը արգելակել փորձող ցուցարարներու միջեւ բախումներու ընթացքին ձերբակալած են 117 ցուցարարներ:
Ոստիկանութիւնը նշեց, որ ձերբակալութիւնները կատարուած են, երբ ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է 3,8 միլիառ տոլար արժողութեամբ «Տաքոթա Աքսիս» խողովակաշարի ուղիին վրայ սեփական կալուածներու վրայ հաստատուած ճամբարի մը կազմաքանդման:


