«Էֆ.Պի.Այ.»-ին Արտօնութիւն Տրուած Է Քլինթընի Ե-Նամակներու Յաջորդ Մասը Ուսումնասիրելու
«Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ը մէջբերելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակին` «Էֆ.Պի.Այ.»-ին արտօնած է ուսումնասիրել Հիլըրի Քլինթընի ելեկտրոնային նամակագրութեան նոր մասը, որ յայտնաբերուած է անոր օգնական Հումա Ապետինի ամուսինին համակարգիչին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրավիճակը կը բարդացնէ այն փաստը, որ նամակները կը գտնուին Ապետինի ամուսինին` Էնթընի Վիների պատկանող համակարգիչին մէջ: Նախապէս «Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէն Ճէյմս Քոմի...




















