
Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ եռակողմանի հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ զարգացումները` մեկնելով երեք երկիրներու ահաբեկչութեան դէմ անդուլ եւ ազդու պայքարի նկատմամբ յանձնառութեան, զինադադարի հաստատման, քաղաքայիններու տառապանքներուն անմիջապէս վերջ տալու, մարդասիրական հարցերը լուծելու եւ միջազգային օրէնքի հիմամբ քաղաքական հոլովոյթին ընթացք տալու կամքէն:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Հալէպի մէջ զինադադարը վերականգնելու, սակայն ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցող երկիրներէն երաշխիքներ ստանալէ ետք միայն»:
Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ժէյշ Ֆաթհ Հալէպի արեւմուտքը գտնուող Տահիեթ Ասատի արեւմտեան բաժինը գրաւած է:


