
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, Սերկէյ Լաւրով եւ Ուալիտ Մոալլեմ այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի ունենան եռակողմանի հանդիպում մը:
«28 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ եռակողմանի հանդիպում մը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, անոր սուրիացի եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն մասնակցութեամբ», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով. «Քննարկման գլխաւոր նիւթը պիտի դառնայ Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ «Իրաքի մէջ ստեղծուող ռազմաքաղաքական կացութիւնը, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ արդիւնաւէտ պայքարի խնդիրի հաշուառումը»:


