
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էշթըն Քարթըր յայտարարեց, որ Միջազգային դաշինքն ու Ուաշինկթընը մտադիր են քանի մը շաբաթէն սկսիլ սուրիական Ռաքքա քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան:
«Ինչպէս միշտ, ուժերու դիրքերու ճշդման եւ այլ հարցերու մէջ գիտենք ինչ կ՛ընենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա կատարելու ծրագիր եւ ժամանակացոյց մը ունինք»:
«Մենք կ՛ուղղուինք դէպի գործադրութիւնը այդ ծրագիրին, որ մեզ կարող պիտի դարձնէ քանի մը շաբթուան մէջ ուժեր գոյացնելու», յայտնեց Քարթըր:
Միջազգային դաշինքի ուժերու ղեկավար Սթիւըն Թաունզընտ իր կարգին ըսաւ, որ անհրաժեշտ է Ռաքքայի շուրջ ապահովական գօտի ստեղծել:
Ան ըսաւ, որ գոյութիւն ունի տեղական ուժեր զինելու եւ մարզելու ծրագիր մը:
«Կը կարծենք, որ անմիջականօրէն անհրաժեշտ է Ռաքքայի շուրջ ապահովական գօտի ստեղծել, որովհետեւ Ռաքքայի մէջ արտաքին յարձակումներու ծրագրման վերաբերեալ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ ունինք», յայտնեց Թաունզընտ:
«Թուրքիոյ մէջ մեր սուրիացի գործընկերները պատրաստ են ՏԱՀԵՇ-ը թրքական սահմաններէն վտարելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պատերազմի վերաբերեալ շրջանային ապահովական մտավախութիւններու գոյութեան պատճառով այդ ճակատամարտը բարդ է:
Թաունզընտ նշեց, որ այդ գործողութեան համար տեղական բաւարար ուժեր գոյութիւն ունին:


