Միջազգային

Օպամա – Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Օպամա – Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արշաւին յառաջիկայ քայլերը: Օպամա Թուրքիոյ կոչ ուղղած է ճնշում բանեցնելու ՏԱՀԵՇ-ի վրայ, որպէսզի վերջ տրուի Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ սպառնալիքներուն: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Օպամա ողջունած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին...

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Վարմունքը  Կը Խանգարէ Մեր Ջանքերը»  Կ՛ըսէ Ըռնեսթ

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Վարմունքը Կը Խանգարէ Մեր Ջանքերը» Կ՛ըսէ Ըռնեսթ

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ նշեց. «Ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ վարմունքը կը բարդացնէ այդտեղ ընթացող տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ձգտող ամերիկեան ջանքերը»: «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր նպատակները իրականացնելու համար քաղաքայիններուն դէմ օդային հարուածներ կը կատարէ», նշեց Ըռնեսթ` աւելցնելով. «Մենք նաեւ գիտենք, որ Ռուսիա կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, ինչ որ կը դժուարացնէ քաղաքական լուծում գտնելու ձգտող...

«Տը Թայմզ» Կը Գրէ.  «Քայիտայի Շարք Մը Յարձակումներ  Կը Ծրագրուին Եւրոպայի Երկիրներուն Մէջ»

«Տը Թայմզ» Կը Գրէ. «Քայիտայի Շարք Մը Յարձակումներ Կը Ծրագրուին Եւրոպայի Երկիրներուն Մէջ»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ Քայիտան մտադիր է շարք մը յարձակումներ կատարել եւրոպական երկիրներու, որոնց շարքին` Բրիտանիոյ մէջ: «Տը Թայմզ»-ի աղբիւրներուն տեղեկութեան համաձայն, ահաբեկիչները կը ծրագրեն Բրիտանիոյ դէմ յարձակումներ կազմակերպել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կրած պարտութիւններուն լոյսին տակ: «Քայիտա հանդարտօրէն կը վերականգնէ իր ուժերը», օրաթերթին ըսած է աղբիւրը, որ պնդած է, թէ ահաբեկչական...

Անգարայի Աջակցութիւնը Վայելող  Զինեալներու Դիրքերուն Դէմ  Սուրիական Օդային Յարձակումներ

Անգարայի Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալներու Դիրքերուն Դէմ Սուրիական Օդային Յարձակումներ

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ հաւանաբար սուրիական բանակին պատկանող ուղղաթիռ մը օդային յարձակումներ գործած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր զինեալներու դէմ: Սուրիական բանակը 21 հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ թրքական կողմէն սուրիական օդային սահմանը ոտնահարող որեւէ թռչող սարք վար պիտի առնուի: Սուրիական բանակը այդ յայտարարութիւնը հրապարակած էր Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Հասաճիք, Ուարտիյէ, Հասիյէ, Ղուլ, Սրուժ, Սատ Շահպա, Իհրաս եւ Ում Հոշ...

Մոսկուա. «Ռուսիան Ու Սուրիան  Պատրաստ Են  Հալէպի Մէջ Մարդասիրական  Զինադադարը Վերականգնելու»

Մոսկուա. «Ռուսիան Ու Սուրիան Պատրաստ Են Հալէպի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարը Վերականգնելու»

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է Հալէպի մէջ դարձեալ մարդասիրական զինադադար հաստատելու, եթէ միջազգային կազմակերպութիւններէն երաշխիքներ ստանայ Հալէպէն վիրաւորներու դուրս բերման վերաբերեալ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնած է, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը անցեալ ութ օրերուն ընթացքին օդային հարուածները կասեցուցած են: «Ռուսիան ու սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ են Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադարը...

«Էրտողան Կ՛ուզէ Կառավարման Համակարգը Փոխել,  Որպէսզի Պատասխանատուութիւն  Չկրէ Երկրին Մէջ Տեղի Ունեցողին Համար»  Կ՛ըսէ Տողան

«Էրտողան Կ՛ուզէ Կառավարման Համակարգը Փոխել, Որպէսզի Պատասխանատուութիւն Չկրէ Երկրին Մէջ Տեղի Ունեցողին Համար» Կ՛ըսէ Տողան

Թուրքիոյ խորհրդարանի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան «Թերթ.ամ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Մեր կուսակցութիւնը կտրուկ կերպով դէմ է, որ Թուրքիան անցնի նախագահական կառավարման համակարգին»: «Ես կու գամ Միացեալ Նահանգներէն, մենք այդտեղ քննարկած ենք նախագահական բնորդի կառավարումը: Նախագահական համակարգը իշխանութեան անկախութեան գրաւականն է, ատիկա պիտի աջակցի իշխանութեան», ըսած է ան: Սելինա Տողան նշած է, որ Թուրքիան նախագահական...

Հալէպի Առաջնորդներ Իպրահիմ  Եւ Եազիժի Ողջ Են

Հալէպի Առաջնորդներ Իպրահիմ Եւ Եազիժի Ողջ Են

Սուրիոյ Մար Եագուպ վանքի մեծաւոր, մայրապետ Ագնես Մարիամ Սալիպ յայտնեց, որ 2013-ին առեւանգուած սուրիացի առաջնորդները ողջ են` աւելցնելով, որ անոնք ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած են եւ արգելափակուած Ռաքքայի բանտին մէջ: Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մայրապետ Ագնես յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի պատրիարքութիւնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ եպիսկոպոսներ Եուհաննա Իպրահիմ` Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ եւ Պուլոս Եազիժի`...

Մոնթենեկրոյի Վարչապետը Յայտարարած Է  Քանի Մը Ամիսէն ՕԹԱՆ-ի Անդամ Դառնալու Մասին

Մոնթենեկրոյի Վարչապետը Յայտարարած Է Քանի Մը Ամիսէն ՕԹԱՆ-ի Անդամ Դառնալու Մասին

Մոնթենեկրոյի վարչապետ, իշխող Ընկերվարներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Միլօ Ճուքանովիչ յայտարարած է 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած յաղթանակին մասին` աւելցնելով, որ երկիրը յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ: «Լենթա.ռու» կը հաղորդէ, որ բացի ատկէ, վարչապետը խոստացած է աւարտել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով բանակցային հոլովոյթը: «Ընդամէնը քանի մը ամիսէն մենք պիտի վաւերացնենք Մոնթենեկրոյի` ՕԹԱՆ-ի անդամ...

Էրտողան Զգուշացուցած Է Եզիտիները «Սխալ Խաղերու Մէջ Մտնելէ» Եւ Զանոնք Քրիստոնեայ Անուանած Է

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա գտնուող եզիտիները «սխալ խաղերու» մէջ ներգրաւուած են: Ան զանոնք զգուշացուցած է` կոչ ուղղելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ չհամագործակցելու: «Եզիտինե՛ր: Տեսէ՛ք, յանկարծ ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան մէջ չմտնէ՛ք: Մենք բացինք մեր դռները ձեր առջեւ: Չըսինք` «քրիստոնեայ է», խտրականութիւն չդրսեւորեցինք, բացինք մեր դուռը: Սակայն այս պահուս դուք...

«Եթէ Հիւսիսային Իրաքէն Վտանգի Ենթարկուինք,  Մեր Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Համար  Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները,  Ներառեալ Ցամաքային Գործողութիւնը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եթէ Հիւսիսային Իրաքէն Վտանգի Ենթարկուինք, Մեր Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Համար Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները, Ներառեալ Ցամաքային Գործողութիւնը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` խօսելով Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ Իրաքի հիւսիսը իրականացուող գործողութիւններուն մասին, սպառնացած է, որ իրենք կարելի ամէն բան պիտի ընեն, որպէսզի խոչընդոտեն Սինճարի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն ամրապնդումը: «Հիմա ալ Սինճարը կ՛ուզեն դարձնել երկրորդ Քանտիլ (Կորդուաց լեռներ, «Ա.»): Պիտի չարտօնենք, որ Սինճարի մէջ ՔԱԿ-ը իր դիրքերը ամրապնդէ», յայտարարած...

«Հալէպի Շուրջ Բանակցութիւնները  Դժուարութիւններ Կը Դիմագրաւեն»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Հալէպի Շուրջ Բանակցութիւնները Դժուարութիւններ Կը Դիմագրաւեն» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց. «Զուիցերիական Ժընեւ քաղաքին մէջ Լոզանի բանակցութիւններուն մասնակցած երկիրներուն միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւնները կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ ու արգելքներ, եւ որեւէ փոփոխութիւն կամ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ»: Ան նշեց, որ անցեալ շաբաթ մասնագէտներուն քննարկած գաղափարներուն քննարկումը չէ ամբողջացած ու կը շարունակուի «եւ այդ աշխատանքը դժբախտաբար կ՛ազդէ արեւելեան Հալէպի ու անոր շրջապատին մէջ տիրող կացութեան վրայ»: «Ռուսական կողմը այս...

Անթալիոյ Մէջ Պայթում

Անթալիոյ Մէջ Պայթում

Տասը անձեր վիրաւորուեցան, երբ Անթալիոյ մէջ Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի շէնքին կառատան մէջ կանգ առած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ: Պայթումին պատճառները կը մնան անյայտ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պայթումէն ետք թրքական լրատուամիջոցներուն արգիլուեցաւ լուսաբանել դէպքը: Անթալիոյ քաղաքապետ Մենտերես Թիւրել «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին յայտնեց, որ պայթումը արկած մըն էր եւ ոչ ոք լրջօրէն վիրաւորուած է: Անթալիոյ մէջ Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի ղեկավար Տաւութ...

Փաքիստանեան Ոստիկանութեան  Մարզումի  Կեդրոնի Մը Դէմ Յարձակումը  Բազմաթիւ Զոհեր Կը Խլէ

Փաքիստանեան Ոստիկանութեան Մարզումի Կեդրոնի Մը Դէմ Յարձակումը Բազմաթիւ Զոհեր Կը Խլէ

65 անձեր սպաննուեցան եւ 195 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ 5-6 զինեալներ ներխուժեցին Փաքիստանի հարաւարեւմտեան Պալուչիստան նահանգի մայրաքաղաք Քուէյթայի մէջ գտնուող փաքիստանեան ոստիկանութեան մարզումի ակադեմիա մը: Յարձակում գործողներէն չորսը մուտք գործած են կեդրոն եւ կրակ բացած գնդացիրներէ, ինչ որ ոստիկանութիւնը մղած է հակադարձելու: Զինեալները պատանդ բռնած են ոստիկանութեան շուրջ 200 զինուորագրեալներ, որոնք այդ պահուն կը գտնուէին մարզումի կեդրոնին մէջ: Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց...

Փենթակոն. «Իրաքեան Ուժերը Մուսուլի Մէջ  ՏԱՀԵՇէն 800 Քառակուսի Քիլոմեթր  Տարածք Ազատագրած Են»

Փենթակոն. «Իրաքեան Ուժերը Մուսուլի Մէջ ՏԱՀԵՇէն 800 Քառակուսի Քիլոմեթր Տարածք Ազատագրած Են»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուած է, որ Իրաքի անվտանգութեան ուժերը Մուսուլի ազատագրման գործողութեան սկիզբէն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ազատագրած են շուրջ 800 քառակուսի քիլոմեթր: Ըստ Փենթակոնի գնահատականին, գործողութիւնը ունեցած է լաւ սկիզբ եւ յառաջ կ՛ընթանայ նախապէս մշակուած ծրագիրի մը համաձայն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ ամերիկացի շարք մը պաշտօնատար դէմքեր` ցանկալով պահպանել անձի գաղտնիութիւնը,...

«Ժամանակակից Լրագրողներու  Միութիւն»-ը Կը Նշէ.  «Թուրքիան Վերածուած Է  Մամուլի Գերեզմանոցի»

«Ժամանակակից Լրագրողներու Միութիւն»-ը Կը Նշէ. «Թուրքիան Վերածուած Է Մամուլի Գերեզմանոցի»

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ «Ժամանակակից լրագրողներու միութեան» Անգարայի ներկայացուցչութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ եռամսեայ արտակարգ դրութեան ընթացքին թրքական լրատուադաշտի իրավիճակին վերաբերող զեկուցում մը: Թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքին համաձայն, նշեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 184 լրագրողներ, որոնցմէ 56-ը բանտարկուած է, փակուած են 116 լրատուական ծառայութիւններ, անվաւեր նկատուած են 620 այսպէս կոչուած «մամուլի լրագրական դեղին քարտ»-եր եւ խորհրդարանական նիստերուն մասնակցութեան...

5 Զոհ` Մալթայի Մէջ Օդանաւի Մը  Ջախջախման Պատճառով

5 Զոհ` Մալթայի Մէջ Օդանաւի Մը Ջախջախման Պատճառով

Մալթայի օդակայանին մէջ թռիչքէն քանի մը երկվայրկեան ետք ջախջախուած է թեթեւ շարժակով օդանաւ մը, այդ պատճառով ալ օդանաւին մէջ գտնուող 5 անձերը մահացած են: Օդանաւը կ՛ուղղուէր Լիպիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Միսրաթա քաղաք: Եւրոպական Միութիւնը հերքեց այն լուրը, թէ ջախջախուած օդանաւին մէջ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ կային: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան-Իւ Լոտրիան աւելի ուշ յայտարարեց, որ ջախջախուած օդանաւին մէջ զոհուած են նախարարութեան երեք...

Մոսկուա. «Հալէպի Մէջ Մարդասիրական  Զինադադարը Վերջ Գտաւ»

Մոսկուա. «Հալէպի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարը Վերջ Գտաւ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հալէպի մէջ զինադադարի աւարտը յայտարարեց` աւելցնելով, որ Մոսկուա ներկայիս անոր վերականգնումին հարցը չի քննարկեր, իսկ այդ հարցը կախեալ է սուրիական զինեալ ընդդիմութեան գետնի վրայ վարմունքէն: Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Հալէպի մէջ զինադադարը աւարտած է շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, եւ Մոսկուա ներկայիս անոր վերականգնումը չի քննարկեր: Ռիապքով նշած է,...

Ֆրանսական Իշխանութիւնները Սկսան  Քալէի Մէջ Գաղթականներու Ճամբարի Դատարկումը

Ֆրանսական Իշխանութիւնները Սկսան Քալէի Մէջ Գաղթականներու Ճամբարի Դատարկումը

Ֆրանսական իշխանութիւնները երէկ սկսան Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Քալէ քաղաքին մօտ գտնուող գաղթականներու ճամբարը դատարկել: Ճամբարին մէջ կը գտնուին 6-8 հազար գաղթականներ, որոնք ամիսներէ ի վեր կը սպասեն այն յոյսով, որ Մանշը կտրելով պիտի կարենան հասնիլ Բրիտանիա: Գաղթականները փոխադրակառքերով պիտի փոխադրուին Ֆրանսայի մէջ գաղթականներու հիւրընկալման կեդրոններ: Կարգապահութեան հսկելու համար նշեալ գործողութեան կը մասնակցին 1250 ոստիկաններ եւ կիսազինուորական ոստիկաններ: Քալէի ճամբարը մեծ...

«Միջին Արեւելքի Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարի Հարցին Մէջ Իմ Թանկագին Բարեկամիս`  Փութինի Օգնութեան Կարիքը Ունիմ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Միջին Արեւելքի Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցին Մէջ Իմ Թանկագին Բարեկամիս` Փութինի Օգնութեան Կարիքը Ունիմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ռուսական «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ինք կարիքը ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնութեան: «Այդ հարցին մէջ ես ունիմ յարգարժան թանկագին բարեկամ Փութինի աջակցութեան կարիքը», ըսած է Էրտողան: Ան նաեւ նշած է, որ ըստ իրեն, Թուրքիան եւ Ռուսիան այնքան մօտ են, որ...

Թրամփի Ընտրական Գրասենեակը Ընդունած Է  Քլինթընէն Ետ Մնալը, Սակայն  Յաղթելու Յոյսը Չի Կորսնցներ

Թրամփի Ընտրական Գրասենեակը Ընդունած Է Քլինթընէն Ետ Մնալը, Սակայն Յաղթելու Յոյսը Չի Կորսնցներ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ընտրական գրասենեակը նախագահական ընտրութեան թուականէն երկու շաբաթ առաջ ընդունած է Քլինթընէն անոր ետ մնալու իրողութիւնը: Թրամփի ընտրական գրասենեակի ղեկավար Քելլիան Քոնուէյ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է. «Մենք ետ կը մնանք: Քլինթըն որոշակի առաւելութիւն ունի: Սակայն մենք պիտի չյանձնուինք: Մենք գիտենք, որ կրնան յաղթել»: Վերջին...

Page 748 of 882 1 … 747 748 749 … 882

Արխիւներ