Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսուլի Ազատագրումէն Ետք Իրաքեան Քիւրտիստանը Անկախութիւն Պիտի Պահանջէ

October 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

barzani_102816

Գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մեսուտ Պարզանի կ՛ակնկալէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն Մուսուլի ազատագրումը տեղի ունենայ ամէնէն ուշը երեք ամիսէն:

Պարզանի գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Յաջողեցանք արագօրէն գրաւել քաղաքի մատոյցները, սակայն յայտնի չէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ը որքա՛ն ուժեղ պիտի կարենայ ինքզինք պաշտպանել քաղաքին մէջ: Մենք կը տեսնենք, որ անոնք հարիւրաւոր անձնասպանական գործողութիւն կատարողներ ունին, եւ չի բացառուիր, որ այնտեղ ըլլան պայթուցիկի արտադրութեամբ զբաղող գործարաններ: Ատիկա քաղաքին դէմ յարձակումի ժամանակ մեծ վտանգ պիտի ստեղծէ: Եթէ ամէն ինչ ապագային ալ յաջող ընթացք ունենայ, ապա կը կարծեմ, որ քաղաքը պիտի կարենանք ազատագրել ամէնէն ուշը երեք ամիսէն»:

Ան ընդգծած է, որ իրաքեան Քիւրտիստանը Մուսուլի վրայ վերահսկողութեան վերականգնումէն ետք պիտի ձգտի անկախութեան: «Մուսուլի ազատագրումէն անմիջապէս ետք մենք հանդիպում պիտի ունենանք Պաղտատի մեր գործընկերներուն հետ եւ պիտի սկսինք քննարկելու մեր անկախութիւնը: Մենք չափազանց երկար սպասած ենք», աւելցուցած է Պարզանի:

Ան նաեւ յայտնած է, որ փեշմերկաները մուտք պիտի չգործեն քաղաք: «Աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ քաղաք մուտք գործէ իրաքեան բանակը եւ, այդպիսով, կարելի կ՛ըլլայ խուսափիլ բնակչութեան մէջ արաբներու եւ քիւրտերու միջեւ բախումներէ: Սակայն եթէ մեզմէ խնդրեն, եւ ատոր վերաբերեալ ձեռք բերուի նոր համաձայնութիւն, մենք, ի հարկէ, պիտի օգնենք. մենք ատոր պատրաստ ենք», ըսած է Պարզանի:

Ըստ անոր, ներկայիս իրաքեան Քիւրտիստանի տարածքին մէջ կը գտնուի 1,8 միլիոն տեղահանուածներ, որոնց կրնայ միանալ յաւելեալ 1 միլիոն մարդ` Մուսուլէն:

 

Նախորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանը Դարձեալ Չհաստատեց Վարչապետի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

Քերրի. «Պատրաստ Ենք Անգարայի Հետ Գործակցելու Շրջանային Կարեւոր Հարցերու Լուծման Համար»

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.