
Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ փեշմերկաները մուտք պիտի չգործեն Մուսուլ` նշելով, որ միայն իրաքեան բանակն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերն են, որոնք լիազօրուած են մուտք գործել Մուսուլ քաղաք:
17 հոկտեմբերին շղթայազերծուած Մուսուլի` ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրման գործողութեան կը մասնակցին Իրաքի կառավարութեան ուժերէն 45 հազար զինուորներ, ինչպէս նաեւ շիիներէ կազմուած Ժողովրդային զօրախումբը, Նինուէի պահակները, փեշմերկաները եւ Միջազգային դաշինքի օդուժը:
Իրաքեան բանակը յայտարարեց, որ Մուսուլի ազատագրման գործողութեան առաջին շաբթուան ընթացքին ազատագրուած են քաղաքին մերձակայքը գտնուող 74 գիւղեր ու շրջաններ, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու շարքին կորուստներու թիւը հասած է 772-ի:


