Մինչ Քոլոմպիոյ կառավարութեան եւ «Ազգային ազատագրումի բանակ» շարժումին միջեւ բանակցութիւնները յետաձգուեցան` սպասելով պատանդի մը ազատ արձակման, բանակը շարժումը ամբաստանեց երկու բեռնատարներու վարորդներու սպանութեան յանցանքով:
Գնդ. Միկել Անխել Ռոտրիկեզ յայտնեց, որ «երկու բեռնատարներու վարորդներուն դէմ ահաբեկչական արարք մը» գործուած է հիւսիսային Քոլոմպիոյ Արոքա շրջանին մէջ:
Ան նշեց, որ երկու բեռնատարները հրկիզուած են, իսկ անոնց վարորդները սպաննուած` «Ազգային ազատագրումի բանակ» շարժումի անդամ զինեալներու կողմէ:


