Պարրաք. «Սուրիան Կրնայ Կարիքը Ունենալ Իսլամական Որեւէ Սպառնալիքէ Հեռու Չափազանց Կեդրոնացեալ Պետութեան Այլընտրանքներ Ուսումնասիրելու»
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք նշեց, որ Սուրիան կրնայ չափազանց կեդրոնացեալ պետութեան այլընտրանքներ ուսումնասիրելու կարիքը ունենալ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ան այս մասին անցեալ ամիս Սուէյտայի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերէն ետք յայտնած է շարք մը լրագրողներու: «Դաշնակցային դրութիւն չէ, այլ ատկէ նուազ բան մը, որ բոլորին կ՛արտօնէ իրենց միասնականութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն պահել` հեռու մնալով իսլամական որեւէ...




















