Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին, որ Թուրքիան կը կապէ Նախիջեւանի սահմանին հետ, եւ ընդհանրապէս «Զանգեզուրի միջանցք»-ը 30 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ 147,6 միլիառ լիրա (3,6 միլիառ տոլար) շահ պիտի բերէ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
«Ազրպէյճանի հետ սահման տանող երկաթուղային զարկերակը պիտի դառնայ կարեւոր օղակ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մէջ, որ յատկապէս կարեւոր է ամբողջ շրջանին համար», ընդգծած է ան:
Նախարարին համաձայն, Միջին միջանցքը զգալիօրէն պիտի կրճատէ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ ապրանքներու առաքման ժամանակը, ինչ որ երկաթուղային փոխադրամիջոցը պիտի դարձնէ աւելի պահանջուած, քան ծովային փոխադրամիջոցը:
«Արեւելեան Անատոլուի մէջ 224 քիլոմեթրնոց երկաթուղիի կառուցման ծախսերը բազմապատիկ պիտի արդարացուին», աւելցուցած է Ուրալօղլու:
Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարը Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին կոչած է «ռազմավարական ներդրում»:
«Զանգեզուրի միջանցքը թրքական պետութիւններ եւ հարաւարեւելեան եւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներ տանող ամէնէն կարճ ճամբան է: Այս երթուղիով տարեկան պիտի տեղափոխուի շուրջ 15 միլիոն թոն բեռ», նշած է թուրք նախարարը: