Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Վստահ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ղեկավարական որակը պիտի նպաստէ մեր յարաբերութիւններու վերականգնման»:
«Կը յուսամ, որ առաջին քայլերը սկիզբ ըլլան յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնման», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ալասքայի վեհաժողովէն ետք հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին»:
«Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ փապուղիի վերջաւորութեան լոյս կ՛երեւի», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:
Ան նաեւ յայտնեց. «Ռուս հիւլէական գիտնականները երկրին համար հիւլէական ուժեղ վահան մը ստեղծեցին»:
«Ռուսիան կարիքը ունի հիւլէական ճարտարագիտութեան մէջ մեծ նպատակներ ճշդելու եւ ջանալու ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ տեսակարար ոստում մը իրականացնելու», նշեց Փութին: